Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Թուրքիան Պէտք Է Անցեալին Հետ Հաշտուի. ՀՀ մօտ Գերմանիոյ Դեսպան

Հայաստանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Ռայներ Մորել Հինգշաբթի Հոկտեմբեր 9ին յայտնած է, որ Թուրքիա պէտք է անցնի իր անցեալին հետ հաշտուելու սեփական ուղիէն:

Մորել, ելոյթ ունենալով «Խաղաղութեան կորստից մինչեւ Եւրոպական Միութեան հիմնումը» թեմայով համաժողովին՝ ըսած է, որ Գերմանիա կրցաւ կատարել այդ քայլը՝ ներողութիւն հայցելով հրեայ ժողովուրդէն:

«Իմ կարծիքով՝ իւրաքանչիւր պետութիւն պէտք է անցնի անցեալի հետ հաշտուելու սեփական ուղիէն: Այսօր Թուրքիա այդ պատրաստակամութիւնը չի ցուցաբերեր Հայաստանի հանդէպ: Հաւանաբար, Թուրքիոյ յաւելեալ ժամանակ անհրաժեշտ է՝ իր անցեալին մասին մտածելու, իր անցեալը ըմբռնելու համար: Կը կարծեմ, որ մենք իրաւունք չունինք այս հարցով որեւէ պետութեան բան մը պարտադրելու», նկատել տուած է դեսպանը:

www.mediamax.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին