Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Փարաջանովի “Նռան Գոյն”-ի Թուայնացուած Տարբերակը Պիտի Ներկայացուի Լոնտոնի Շարժանկարի Փառատօնին

Սերգէյ Փարաջանովի “Նռան գոյնը” շարժանկարի թուային վերականգնուած տարբերակը այս շաբաթ “իր փայլով պիտի ներկայանայ” Լոնտոնի միջազգային շարժանկարի փառատօնին: Այս մասին, ըստ Tert.am-ի, կը յայտնէ The Guardian-ը` զուգահեռ ներկայացնելով քննախօսական, Փարաջոնուի կենսագրութիւնը եւ շարժանկարի ստեղծման պատմութիւնը:

Աղբիւրը անդրադարձի սկիզբը կը նշէ, թէ Փարաջանովը “Ռուս ռեժիսոր” է, սակայն յաջորդիւ կը նշուի, որ ծնած է հայկական ընտանիքի մէջ եւ աշխատած նաեւ Հայաստանի մէջ:

Կը նշուի, որ շարժանկարը 84-րդ տեղը կը զբաղցնէ Sight & Sound-ի մեծագոյն ժապաւէններու ամենավերջին ցուցակին մէջ: Իսկ անցեալ տարի Թորոնթոյի շարժանկարի փառատօնին ժամանակ աշխարհահռչակ բեմադրիչ Մարթին Սգորսեզէն շարժանկարը ներկայացնելու ժամանակ հանդիսատեսին ըսած է, թէ “Շարժանկարի պատմութեան մէջ նման ոչ մէկ այլ բան կայ”: Ի դէպ, “Նռան գոյնը” վերականգնուած է Սգորսեզէի հիմնադրամի միջոցներով:

Այդ տարբերակը ցուցադրուած էր նաեւ այս տարուան “Ոսկէ ծիրան”-ին` իբրեւ բացման շարժանկար:

Լոնտոնի փառատօնը կ’ընթանայ Հոկտեմբեր 8-19:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին