Հոկտեմբեր 8-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Մայր Աթոռի դիւանապետ Գերաշնորհ Տ. Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեան ընդունեց Էջմիածին քաղաքի տօնին առիթով Հայաստան ժամանած Էջմիածնի քոյր քաղաքներ Փեդրոզաւոտսգի (Ռուսաստանի Դաշնութիւն), Ֆրեզնոյի (ԱՄՆ) եւ Իսի-լե-Մուլինոյի (Ֆրանսա) ներկայացուցիչները` ուղեկցութեամբ Էջմիածնի քաղաքապետ Կարէն Գրիգորեանի: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ լրատուական ծառայութենէն:
Ողջունելով հիւրերուն այցը Հայաստան եւ անոնց մասնակցութիւնը քաղաքի 2699-ամեակին առիթով կազմակերպուած տօնակատարութիւններուն` Արշակ Սրբազանը Էջմիածնի քոյր քաղաքներու ներկայացուցիչներուն փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները:
Մայր Աթոռի դիւանապետը ուրախութեամբ հաստատեց, որ Էջմիածնի տօնը արդէն իսկ դարձած է բարի աւանդոյթ, եւ այդ առիթով շնորհաւորեց ներկաները` կարեւոր համարելով քոյր քաղաքներու միջեւ սերտացող կապերն ու գործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ: Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ քաղաքային իշխանութիւններու եւ Մայր Աթոռի միջեւ առկայ ջերմ փոխյարաբերութիւններուն:
Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով քոյր քաղաքներու կողմէ ծրագրուող համատեղ ձեռնարկներու մասին: