Չորեքշաբթի, 19. 02. 2025

spot_img

Գերմանիոյ Բոլոր Եկեղեցիներու Զանգերը Միաժամանակ Պիտի Ոգեկոչեն Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը

Գերմանիոյ Միջեկեղեցական խորհուրդի տարեկան նիստին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ  տարելիցի վերաբերեալ  ընդունուած է պաշտօնական յայտարարութիւն, ուր կը նշուի, որ անցած է մէկ հարիւրամեակ, սակայն կատարուածը իր ծանր ազդեցութիւնը ձգած է ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այեւ միջազգային հանրութեան վրայ: Այս մասին կը յայտնէ PanARMENIAN.Net-ը։

«2015-ին մենք կ’ոգեկոչենք Օսմանեան Կայսրութեան կողմէն իրագործած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը: 1915-1922 թուականներուն մէկ ու կէս միլիոն հայեր սպանուեցան, իսկ հազարներ ալ տեղահանուեցան իրենց տուներէն (ներկայ Թուրքիա) եւ աքսորուեցան: Այսօր աշխարհով մէկ սփռուած աւելի քան վեց միլիոնանոց հայկական սփիւռքը այդ ցեղասպանութեան տեսանելի հետեւանքն է:

Անցած է մէկ հարիւրամեակ, սակայն կատարուածը իր ծանր ազդեցութիւնը ձգած է ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլեւ միջազգային հանրութեան վրայ:  Նոյնիսկ եթէ այսօր գրեթէ վերապրողներ չկան, ցաւի եւ անարդարութեան ճանաչումը կը շարունակէ մնալ արդիական:

Մենք կը յարգենք , յիշատակը՝ հայ, ինչպէս նաեւ շուրջ 600.000 արամէացի, ասորի եւ յոյն քրիստոնեաներու, ներառեալ կաթոլիկներու ու բողոքականներու, որոնք սպաննուեցան իրենց հայ եղբայրներու եւ քոյրերու հետ միասին: Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ջանքերը «հայ եկեղեցիներուն հնարաւորութիւն ընձեռել` իրենց ձայնը բարձրացնելու եւ պայքարելու 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան ճանաչման համար”, միշտ գնահատուած է հայ եկեղեցւոյ կողմէն”,-  ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

www.panarmenian.net

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին