Հոկտեմբեր 6-ին Զուիցերիոյ մէջ ՀՀ դեսպան, Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակի ՀՀ Մշտական ներկայացուցիչ Շառլ Ազնաւուրի կողմէ Ժընեւի “Ինդըրքոնթինենթալ” հիւրանոցի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տրուած է պաշտօնական ընդունելութիւն` նուիրուած ՀՀ Անկախութեան 23-րդ տարեդարձին: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ ԱԳՆ լրատուական ծառայութիւնը:
Ընդունելութեան ներկայ եղած են Զուիցերիոյ դաշնային օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, Ժընեւի քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակի եւ Պեռնի մէջ հաւատարմագրուած բազմաթիւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, Զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցչներ:
Իր ելոյթին մէջ դեսպան Ազնաւուրը նշած է, որ 23 տարին փոքր ժամանակահատուած է երկրի մը եւ ժողովուրդի մը համար, որուն պատմութիւնը հազարամեակներով կը հաշւուի, սակայն Հայաստանի անկախութեան 23 տարիները կը խորհրդանշեն շատ կարեւոր ժամանակաշրջան հայ ժողովուրդի անցեալ երկարամեայ պատմական ուղիին վրայ:
Դեսպանը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Ժընեւի մէջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան բոլոր կառոյցներուն, Զուիցերիոյ դաշնային եւ կանտոնալ իշխանութիւններուն, Հայաստանի բոլոր բարեկամներուն` անկախութենէն ի վեր Հայաստանին ցուցաբերած գործուն եւ շարունակական աջակցութեան համար:
Երեկոյի ընթացքին հայ եւ զուիցերիացի երաժիշտներէ կազմուած քառեակի կատարումով հնչած են Հայաստանի եւ Զուիցերիոյ օրհներգերը, Արամ Խաչատրեանի, Կոմիտասի եւ այլ հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններ: