Վիեննայի մէջ Յովհաննէս Շիրազի անուան հայկական շաբաթօրեայ դպրոցի սաներն ու ուսուցիչները հանդէս եկած են բարեգործական նախաձեռնութեամբ եւ իրենց հաւաքագրած գումարով համակարգիչ նուիրած են Երեւանի համանուն դպրոցին: Անցեալ տարի այսօրինակ շարժման շնորհիւ Վիեննայի Շիրազի անուան դպրոցը եւս մէկ համակարգիչ նուիրած էր Երեւանի այս կրթօճախին:
Դպրոցի սաները շնորհակալական նամակով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են աւստրիահայ պատանիներուն:
“Մեր աշակերտներն ու Վիեննայում բնակուող իրենց հասակակիցները պարբերաբար նամակագրական կապի մէջ են միմեանց հետ եւ արդէն ընկերացել են: Մենք էլ անում ենք ամէն ինչ, որպէսզի այս գեղեցիկ բարեկամութիւնը հաստատուն լինի”,- հեռախօսազրոյցով ներկայացուցած է Երեւանի Շիրազի անուան դպրոցի տնօրէն Սուսաննա Մալոյեանը:
“Անցեալ տարի եկայ այս դպրոց: Հիացած եմ այստեղ տիրող կարգ ու կանոնով, դպրոցի ու աշակերտներու հանդէպ ուսուցիչներու եւ տնօրինութեան հոգատար վերաբերմունքով: Ուրախ եմ, որ երկու համանուն կրթօճախներու միջեւ սերտ կապ ստեղծուած է”,- ըսած է “Հայաստան” Համահայկական Հիմնադրամի Աւստրիոյ տեղական մարմնի ատենապետ Ռազմիկ Հարթունեան-Թամրազեանցը:
www.radioyan.com