Երկուշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Թռչնոց Բոյնի նախկին որբ Վարդան Մելքոնեանի, որ եկած էր Լոնտոնէն՝ Վեհափառ Հայրապետին յանձնելու Դանիայէն և այլ երկիրներէ իր ձեռք ձգած որբերու նկարները, առնչուած յատկապէս Թռչնոց Բոյնի ներքին կեանքին։ Այս մասին կը հաղորդէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:
Յայտնենք, որ Վարդան Մելքոնեան երկար տարիներէ ի վեր Լոնտոնի արքայական սիմֆոնիք նուագախումբին ղեկավարն է և յաճախակի առիթներով կ’անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ինչպէս նաեւ իր կեանքին՝ որպէս Թռչնոց Բոյնի նախկին որբերէն մէկը:
100-ամեակի առիթով ան որոշած է իր դուստրին հետ նախաձեռնել քայլարշաւի մը, սկսելով Կիլիկիայէն, այս ձեւով յիշելու համար իր ծնողները, որոնք զոհ գացած են Հայոց Ցեղասպանութեան և յիշեցնելու իր շրջապատին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը։