Պելկրատի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի եւ անոր սերպ պաշտօնակիցին Իվիցա Տաչիչի միջեւ հանդիպումի ընթացքին, Տաչիչ յայտնեց, թէ Սերպիա մտադրած է դեսպանատուն հիմնել Երեւանի մօտ: Երկու արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին համագործակցութիւնը զարգացնելու կարելիութիւնները: Անոնք նաեւ անդրադարձան Սերպիոյ նախագահին Հայաստան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստութիւններուն: Նշենք, թէ Հայաստան եւ Սերպիա համաձայնացեն դիւրացնելու մուտքի անցագրային դրութիւնը: