Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

Յովհաննէս Չեքիջեանի 85-ամեակին Նուիրուած Գիրքի Շնորհահանդէս

Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին կից գտնուող սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդական արուեստագէտ–գեղարուեստական ղեկավար, երգահան Յովհաննէս Չեքիջեանի 85ամեակին նուիրուած գիրք-ալպոմի շնորհահանդէսը:

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ գիրքին հեղինակը՝ Սերգէյ Առաքելեանը վստահութիւն յայտնեց այն մասին, որ իր գիրքի շնորհահանդէսին ներկայ են «չեքիջեանասէր մարդիկ»: «Ես համոզուած եմ, որ բոլորիս այստեղ է բերել Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արտիստ, լեգենդար մարդ Յովհաննէս Չեքիջեանի նկատմամբ սէրն ու յարգանքը: Մայէսթրօ Չեքիջեանի ստեղծագործական կեանքը ներկայացնող այս աշխատութիւնը, որն այսօր ձեր դատին է ներկայացւում, կարող էր ստեղծուել դեռեւս երեք տարի առաջ, սակայն երբ մայէսթրօն ինձ առաջարկեց դառնալ այս գրքի հեղինակը, ես մտածեցի եւ սկզբում մերժեցի», ըսած է ան՝ ընդգծելով, որ աւելի ուշ, երբ առաջարկը կրկնուած է, ինք համարձակութիւն ունեցած է ստանձնելու այդ աշխատանքը եւ այսօր արդէն հանրութեան ներկայացուցած է մեծ մարդուն ստեղծագործական կեանքը:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Յովհաննէս Չեքիջեանը՝ ընդգծելով, որ իրեն համար մեծ երջանկութիւն է կենդանութեան օրով այսպիսի հրաշալի գիրք կարդալու կարելիութիւն ունենալը: «Ի հարկէ, նման բախտի արժանանալու համար ես պարտական եմ մեր կառավարութեանը, որն օժանդակում է նման կարեւոր նախաձեռնութիւններին: Շատ եմ կարեւորում նաեւ այն հանգամանքը, որ մենք գրքի շնորհանդէսն անցկացնում ենք Ազգային ժողովում: Ցանկանում եմ շնորհակալութիւն յայտնել Սերգէյ Առաքելեանին, ով ինձ համար արել է մի բան, որ ինձ համար երբեք ոչ ոք չէր արել», նշած է ան՝ ընդգծելով, որ իրեն փոխանցած են, թէ որքան անքուն գիշերներ անցուցած է Սերգէյ Առաքելեանը՝ իր ստեղծագործական կեանքը ներկայացնող գիրքը գրելու ատեն:

Շնորհահանդէսին ներկայ էին Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանը, խումբ մը պատգամաւորներ՝ տարբեր խմ-բակցութիւններէ։

www.armenpress.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին