Հոկտեմբերի 1-ին ՀՀ վարչապետ Հովիկ Աբրահամեանի ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ ՀՀ պետական աւագանիին եւ հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչներուն տեղի ունեցաւ ՀՀ սփյուռքի նախարարութեան 6-ամեայ գործունեութեան նուիրուած միջոցառում մը:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ուղեկցութեամբ ՀՀ Վարչապետը այցելեց նախարարութեան տարբեր բաժինները, ծանօթանալով աշխատակազմի ստորաբաժանումներու աշխատանքային պայմաններուն եւ զրուցեց նախարարութեան աշխատակազմի անդամներուն հետ:
Ողջունելով ՀՀ վարչապետին, Սփիւռքէն ժամանած ղեկավարութեան եւ բազմաթիւ հայրենակիցներուն, Հայաստանի կրթական, գիտական, մշակութային, հասարակական, քաղաքական կառույցներու ղեկավարներուն և ներկայացուցիչներուն՝ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը ներկայացուց նախարարութեան 6-ամեայ գործունէութեան ձեռքբերումները: Ան իր խօսքին մէջ առանձնացուց յատկապէս «Սփիռռք» ամառային դպրոց», «Արի տուն», «Մեր մեծերը» ծրագիրները, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը, «Համայնքային օրեր Հայաստանում», տարածաշրջանային և այլ ծրագիրներ: Ան կարևորեց անցած 6 տարիներու ընթացքին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մի քանի տասնեակ համաժողովները, որոնք կը նպաստեն ազգային ներուժի համախմբումին:
Իրենց կարգին, միջոցառումին ներկայ էին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Մայք Խարապեանը եւ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ ընկեր Յակոբ Գասարճեանը, որոնք իրենց Հայաստան կեցութեան ընթացքին աշխատանքային հանդիպումներ ունեցան ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ արծարծելով Հայրենիքն ու Սփիւռքը յուզող հարցեր եւ երկկողմանի աշխատանքային շինիչ ծրագիրներ: