Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան` 2014-2015 Տարեշրջանի Առաջին Օրէն Աշակերտները Յանձնա-ութիւն Կը Յայտնեն Պահանջատէր Մնալու Հայ Դատին

Չորեքշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանը իր դռները բացաւ 2014-2015 կրթական տարեշրջանին համար:

Հին ու նոր աշակերտներ, երեք ամիսներու բացակայութենէն ետք, վերադարձան դպրոց՝ սկսելու համար կրթական նոր տարեշրջան մը: Օրը սկիզբ առաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի եւ հայր Հրայր վրդ. Զահթէրեանի մատուցած Ս. Պատարագով: Գերապատիւ հայրերու օրհնութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներն ու աղօթքները ստանալէ ետք, աշակերտները ուղղուեցաւ վարժարանիս շրջափակը, ուր առաջին հերթին ունկնդրեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգները: Ապա խօսք առաւ տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր աշակերտներուն, եւ մաղթեց որ նոր աշակերտներուն համար այս կրթօճախը դառնայ երկրորդ հարազատ տուն մը:

Տիկ. Պոյաճեան նշեց նաեւ, որ 2015 թուականին հայ ժողովուրդը պիտի նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, հետեւաբար, մեր բոլոր ձեռնարկներն ու նախաձենութիւնները պիտի կրեն այդ թեման եւ նպատակ պիտի ունենան ճանաչման ու հատուցման պահանջքի ձայն բարձրացնելու:

Այնուհետեւ, շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը, որմէ ետք առնուեցան դասարանային պատկերներ, ապա աշակերտները իրենց ձեռքի հետքերը՝ կարմիր, կապոյտ, ծիրանագոյն գոյներով թողեցին «Կը յիշենք ու կը պահանջենք» հարիւրամեակի կարգախօսը կրող պաստառին վրայ:

Վերամուտի առաջին օրը ընթացաւ ուսուցիչներու եւ աշակերտներու միջեւ ջերմ ու ընկերային տրամադրութեամբ, յուսալով որ բոլորին համար այս տարին կþըլլայ բարեբեր, ու կը պսակուի պատուաբեր յաջողութիւններով:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ
Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին