Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Արժանթինի Մէջ Կը Սկսի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Նուիրուած Միամեայ Արշաւը

Արժանթինի հայ համայնքը արդէն ստեղծած է համայնքային յանձնախումբ, որուն որոշումով եւ նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենան Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկները: Տեղի պիտի ունենան քաղաքական, կրօնական, մշակութային եւ ակադեմական ձեռնարկներ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, նշած է Պուէնոս Այրեսի Սան Անտրեսի համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս փրոֆ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան:

Ան շեշտած է, որ ձեռնարկներուն նպատակն է քարոզչական լայն արշաւ նախաձեռնել ամբողջ տարուան ընթացքին, հարցին հանրային շեշտադրում տալու համար` նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ 2015 թուականին Արժանթինի մէջ տեղի պիտի ունենայ նախագահական ընտրութիւն:

«Համայնքային կազմակերպութիւնները, կեդրոնական ձեռնարկներէն բացի, ձեռնարկներ պիտի կազմակերպեն երկրի այլ հայաշատ քաղաքներուն մէջ: Արժանթինի հայ համայնքը կեդրոնական յանձնախումբին առաջարկած է ձեռնարկներուն մէջ ներառել Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ նախագահներ Ռաուլ Ալֆոնսինի եւ Նեսթոր Քիրչների անունով յուշատախտակներ զետեղելը` իբրեւ շնորհակալութիւն առաջինին` 1987 թուականին  ցեղասպանութիւնը հրապարակաւ ճանչնալու, իսկ երկրորդին` 2006 թուականին Արժանթինի խորհրդարանին ներկայացուցած ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքը ընդունելու համար: Առաջարկը ընդունուած է, ուրեմն մենք ջանք պիտի թափենք, եւ մեր նպատակն է, որ Արժանթինի պատուիրակութիւնը մասնակցի 100-ամեակի պաշտօնական նախաձեռնութիւններուն»,- ըսած է Խաչիկ Տէր Ղուկասեան:

Տէր Ղուկասեանի խօսքով՝ Արժանթինի հայ համայնքը ուշադիր պիտի ըլլայ նաեւ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի իրականացուցած ժխտողականութեան փորձերուն եւ պիտի աշխատի  անոնց հակազդել: Ըստ իրեն, արժանթինցի հասարակութիւնը ծանօթ է Հայոց Ցեղասպանութեան, կը դատապարտէ եւ կանգնած է հայ ժողովուրդի կողքին: “Ճիշդ ատիկա է պատճառը, որ վերջին շրջանին շատ աշխուժացած է թուրք-ատրպէյճանական քարոզչութիւնը: Պաքուի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը լուրջ եւ հետեւողական աշխատանք կը կատարէ Խոջալուն իբրեւ «Ցեղասպանութիւն» ճանչնալու ուղղութեամբ: Այս հարցին առնչութեամբ Ազրպէյճան աշխուժ քարոզչութիւն կը ծաւալէ հասարակական եւ քաղաքական շրջանակներու մէջ: Ուրեմն, ե՛ւ իբրեւ համայնք, ե՛ւ իբրեւ պետութիւն, պէտք է անընդհատ աշխատինք, այլապէս անոնց դրամն ու աշխատանքային ներդրումը կրնան լուրջ հարուած հասցնել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցին մէջ մեր կատարած ջանքերուն»,- ընդգծած է Խաչիկ Տէր Ղուկասեան:

Ըստ անոր, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի լաւագոյն ձեռնարկներէն մէկը պիտի ըլլայ Պուէնոս Այրեսի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի գործարկումը: “Տակաւին յստակ չէ, թէ շինարարութիւնը ե՛րբ պիտի աւարտի, սակայն նպատակն է, որ ոչ միայն կառոյցը պատրաստ ըլլայ 2015 թուականին, այլեւ կազմակերպուի առաջին ցուցադրութիւնը”,- ըսած է ան:

Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահ Սերժ Սարգսեանի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը 24 Ապրիլ 2015-ին Երեւան հրաւիրելու նախաձեռնութեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ատիկա նկատած է յանդուգն մարտահրաւէր եւ խելացի պատասխան ապրիլին Էրտողանի արտայայտած «ցաւակցութեան», որ փաստօրէն ցեղասպանութեան «մեղմ» ժխտողականութեան նորագոյն մարտավարութիւնն է` ուղղուած յատկապէս միջազգային հանրային կարծիքին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին