Երկուշաբթի, 21. 04. 2025

spot_img

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը կը Շնորհաւորէ Իզապէլլ Տինկիզեանը իր Նոր Պաշտօնը Ստանձնելու Առիթով

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհավորական խօսք յղած է Իզապէլ Տինկիզեանին, որ օրեր առաջ ընտրուեցաւ Շուէտի Խորհրդարանի երրորդ փոխխօսնակ:

«Մեծ հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ տեղեկացայ, որ Դուք ընտրուել էք Շուէտի  խորհրդարանի փոխխօսնակ: ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ անձամբ իմ անունից ի սրտէ շնորհաւորում եմ այդ բարձր պաշտօնում ընտրուելու կապակցութեամբ: Ցանկացած հայի համար մեծ պատիւ է Ձեզ նման  հայրենակցուհի ունենալը, ով ապրելով եւ արարելով Մայր Հայրենիքից դուրս` Շուէտի Թագաւորութիւնում, կարողացել է իր մարդկային որակներով, իր պետական եւ քաղաքական գործունէութեամբ նուաճել Շուէտի քաղաքացիներու վստահութիւնը:

Նաեւ Ձեր ջանքերի եւ հայանպաստ յամառ աշխատանքի շնորհիւ Շուէտայի խորհրդարանը ընդունեց 1915 թ. Օսմանեան Թուրքիայի իրականացրած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման բանաձեւը, որ մարդկութեան դէմ ուղղուած ոճրագործութիւնները դատապարտելուն եւ յետագայում դրանք բացառելուն ուղղուած մեծ քայլ էր:

Ես 22 տարի շարունակ եղել եմ խորիրդարանի անդամ եւ շատ լաւ եմ պատկերացնում Ձեր գործունէութեան ճամբան ու տարողութիւնը: Համոզուած եմ, որ Դուք այսուհետ եւս կը շարունակէք հայ-շուէտական կապերի ամրապնդմանն ուղղուած Ձեր բարձր առաքելութիւնը, եւ մեր համատեղ ջանքերով կը նպաստենք նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան յետագայ զարգացմանը»,- ըսուած է Սփիւռքի նախարարի շնորհաւորական ուղերձում:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին