ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ Հոկտեմբեր 1-ին 103 թեր եւ 1 ձեռնպահ ձայներով ընդունուեցաւ իտալական ստորաբաժանումներու կազմին մէջ Լիբանան հայ խաղաղապահներ ուղարկելու վերաբերեալ` Հայաստանի եւ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած թեքնիք համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին նախագիծը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը:
Լիբանանի մէջ հայկական խաղաղապահ ստորաբաժանումը բաղկացած պիտի ըլլայ 30 զինուորներէ եւ երկու սպայէ: Ելեւմտական հարցերը պիտի հոգայ ՄԱԿ-ը: Հայ զինուորներուն բուժման ծախսերը պիտի հոգայ իտալական կողմը` տեղւոյն իտալական բժշկական սպասարկութեան կէտերուն մէջ, իսկ եթէ այդտեղ կարելի չէ կատարել բուժումը, ապա այդ պարագային ծախսերը կը հոգայ հայկական կողմը: Իտալական կողմը նաեւ անվճար պիտի հոգայ հայ զինուորները որեւէ վայր տեղափոխելու եւ ետդարձի ծախսերը: