Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Հաղորդագրութիւն. ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն

Այսօր՝ Հինգշաբթի 2 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:45-ին փրոթոքոլային այցելութեամբ մը Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոն այցելեցին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Դեսպան՝ Աշոտ Քոչարեանն ու ՀՀ նորանշանակ Հիւպատոս՝ Աշոտ Վարդանեանը, հանդիպում մը ունենալու համար ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

Թէքէեան Կեդրոնի մէջ պատուարժան հիւրերուն դիմաւորուեցին ընկերներ՝ Միքայէլ Վայէճեան , Սեւակ Յակոբեան , Ճէքի Տէրվիշեան  եւ Տոքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեան: 

Շուրջ մէկ ժամ տեւող մտերմիկ հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանն ու Լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր: Քննարկումներու նիւթ դարձաւ նաեւ  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման նախապատրաստական աշխատանքներու մանրամասնութիւններ:  Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան սատարող հարցեր յատկապէս առեւտրական եւ զբօսաշրջական մարզերուն մէջ:  

 ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին