*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ծնելով տարբեր հոսանքներու բայց նոյն գաղափարախօսութեան յատուկ միութենէ մը, կենդանի փաստն ու անսակարկելի վկան է , ուր միաբանութեան ոգին եւ կամքը իր հիմնադրութեան պահուն տիրապետած է իր ղեկավարներուն ու շարքայիններուն մէջ:
Պատմութեան մէջ այսօրուան պէս՝ 1 Հոկտեմբեր 1921-ին, երբ Ցեղասպանութեան որպէս արդիւնք՝ հողմացրիւ եղած Հայ ժողովուրդի մնացորդածը տարտղնուած էր աշխարհի չորս կողմը, երբ կեանքի անապահովութիւնը, նիւթական անբաւարարութիւնը եւ վերջապէս գաղթական կեանքի բոլոր ստորոգելիները ահաւոր մղձաւանջի մը նման կը ճնշէին Հայ մտքին ու հոգիին վրայ, ահաւասիկ հոգեբանական եւ խուճապային այսպիսի պահու մըն էր, որ կը հիմնուէր ՌԱԿ-ը:
Յարաբերաբար դիւրին էր որդեգրել կուսակցութեանս քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական սկզբունքները, որոնք ՌԱԿ-ի բաղկացուցիչ կազմակերպութիւններուն հասարակ յայտարարներն էին, մինչ ամենադժուարը՝ զանազան խմբաւորումներու միջեւ միութիւն մը յառաջացնելու համար պահանջուած փոխադարձ զոհողութիւնն էր: Եսը զոհաբերելու պատրաստակամութիւնը:
Ուրեմն 93 տարիներ առաջ Ռամկավար Ազատականներ հետապնդեր են գործնական միասնականութիւն, իրական հիմերու վրայ, անվիճելիօրէն եւ գերազանցօրէն ազգային նպատակներու շուրջ, եւ ՌԱԿ-ը, իբրեւ կազմակերպութիւն՝ մարմնացումը հանդիսացած է միութեան գաղափարին ու տենջանքին, հետեւաբար նաեւ իսկական զոհաբերութեան, գերադասելով հաւաքական շահը: Մասնաւորը զոհելով՝ ընդհանուրին:
Հետեւաբար Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան յատկանիշերը կը կազմեն անոր հիմնադիրներուն լրջախոհութիւնը, հաւասարակշռուածութիւնը եւ հեռատեսութիւնը: Ուսանելի յատկանիշեր բոլոր ժամանակներու եւ ամէն հաւաքականութիւններու համար:
Ազգային մարզին մէջ ՌԱԿ-ը միշտ ալ հայրենասիրութիւնը դրած է առողջ սկզբունքներու վրայ: Արդարեւ մեր հայրենասիրութիւնը պայմանաւորուած չէ եղած այս կամ այն տուեալներով: Մենք սիրած ենք Հայաստանը, որովհետեւ ան մեր պապերուն անգին արիւնով ոռոգուած հայրենի հողն է, մեր ազգին յարատեւումին ու գոյութեան միակ յոյսը, կենսատու եւ նուիրական, հետեւաբար պէտք է պաշտպանել զայն՝ առանց նախապայմանի: ՌԱԿ միշտ ալ հաւատացած է, թէ իրաւակարգ մը պէտք չէ շփոթել Հայրենիքի հետ, որ տեւական է ու յաւիտենական, մինչդեռ ոչ մէկ իրաւակարգ տեւական եղած է պատմութեան մէջ: Նոյնը ինչ կը վերաբերի իշխանութեան պարագային, որուն դէմ կարելի է ըլլալ՝ սակայն բնաւ կարելի չէ դէմն ըլլալ հայրենի պետականութեան:
Այսօր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին, նաեւ ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր Հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ ամէն տեսակի ժխտական թէ դրական անակնկալներով յղի օրեր, 93 ամեայ ՌԱԿ-ը կը հաւատայ, թէ ժխտական անակնկալներէն խուսափիլ, իսկ դրական զարգացումներէն կարելի եղածին չափ օգուտ քաղելն է օրուան հրամայականը:
Միասնակամ, Համերաշխ եւ Հզօր Սփիւռք Հայրենիքին Հետ՝ Հայրենիքին Համար: Ահա այս է մեր նշանաբանը այսօր: Այս տեսիլքով անգամ մը եւս կը պայծառանան ՌԱԿ-ի սկզբունքները եւ կը դառնան Հայրենիքի ու Հայութեան ապահով գոյատեւման եւ Հայ Դատի հետապնդման ամէնէն իրատես ուղին:
Մենք հպարտ ենք այսօր մեր կուսակցութեան որդեգրած ուղիղ եւ հայրենասիրական ուղեգիծով: Մենք հպարտ ենք, որ ՌԱԿ-ը միշտ ալ կը գտնուի ազգային ծառայութեան ու նուիրումի նոյն տեսակէտներուն վրայ, հակառակ անցած ժամանակին:
Մենք հպարտ ենք, որ ՌԱԿ-ը միշտ հաւատարիմ իր նախնիներուն տուած օրինակին ու գծած ուղիին, աւելի միասնակամ ու հաստատուն քայլերով պիտի ուղղուի դէպի ապագայ՝ ի գին ամէն զոհողութեան հայ ժողովուրդի արդար Դատը յանգեցնելու արդար լուծումի, որուն համար մենք միանգամընդմիշտ վստահ ենք, որ ՌԱԿ-ի ժողովրդավարական սկզբունքներն ու գաղափարախօսութիւնը պիտի ներկայանան որպէս բանալի լուծումներ՝ ի փառս եւ ի յաւերժութիւն Հայ Ժողովուրդին: