Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Համահայկական Գաղափարախօսութիւն

*ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ*

Hagop Mardirossian

Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւուած հողերու ազատագրման, հուսկ յետոյ միացեալ հայրենիքի՝ մայր Հայաստանի հիմնադրութեան հիմնական նպատակներով ծնունդ առած

Համահայկական գաղափարախօսական հիմնարկ մը համայն հայութեան միասնական եւ ազգային գաղափարախօսական իրականացումին արտացոլումը պիտի ըլլայ:

Համահայկական գաղափարախօսական հիմնարկը (ՀԳՀ), պիտի միտի հզօրացնել Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ հանրապետութիւններու, ինչպէս նաեւ՝ սփիւռքահայութեան կառոյցներու, ընկերա- քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային հաստատութիւնները: ՀԳՀ-ը պիտի նկրտի միացնել մայրենի հողի եւ սփիւռքի աշխարհատարած հայ ժողովուրդը,  մէկ լծակի ներքեւ հաւաքելով իրենց քաղաքական, պատմական եւ ժառանգական տուեալները, հիմնուելով  հայ ժողովուրդի ունեցած դարաւոր փորձառութիւններուն եւ քաղած դասերուն վրայ :

ՀԳՀ-ի ստեղծումով եւ համախմբումով անոր հովանիին ներքեւ, ՀԳՀ-ի նպատակը պիտի ըլլայ հայրենի եւ սփիւռքահայ ժողովուրդին  ներկայացնել համայն հայ ազգի յամակից , շահեկան եւ գործնական կարելիութիւններ, որոնք անհատական ջանքերով կը զլանան կամ կը պակսին ներկայացնելու հայ ազգին լիիրաւ դիմագիծը միջազգային հանրութեան առաջ:

Համահայկական Գաղափարախօսութեան Հիմնարկը պիտի ընդգրկէ 8 հիմնական եւ անմիջական անհրաժեշտ կէտեր, որոնք առաջադրուած են Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան քաղաքական թեւի ներկայացուցիչ՝ Հայ Իրաւանց Խորհուրդին կողմէ, զոր Միացեալ Նահանգներու մէջ, տեղական եւ նահանգային մակարդակի վրայ կը հետապնդէ  հայ ժողովուրդին եւ մարդկային իրաւունքներու էական իրաւունքները:

Ա.- Հայրենիքի եւ պետականութեան կայունութիւն:

Բ.- Հայրենիքի պաշտպանութիւն:

Գ.- Հարեւան երկիրներու հետ փոխ-յարաբերութիւններու մշակում եւ հզօրացում:

Դ.- Հայրենադարձութիւն, ներգաղթ:

Ե.- Ուսում եւ կրթութիւն:

Զ.- Հովանաւորել եւ պահպանել մշակութային արժէքները:

Է.- Սահմանել եւ ճշդել հայկական ինքնուրոյնութիւնը:

Ը.- Հայրենիքի եւ սփիւռքի միացում:

Համահայկական գաղափարախօսութեան հիմնական եւ առարկայական նպատակները պիտի ըլլան դրսեւորել վերոյիշեալ գաղափարներու ներդաշնակ եւ միասնական կերպով որոշուած ծրագիրներու  համակ գործակցութիւնը մէկ հովանիի ներքեւ, կարենալ տիրանալու համար համայն հայ ժողովուրդի դատի իրաւասութեան:  ՀԳՀ-ի նպատակներէն մին պիտի ըլլայ նաեւ՝ մէկտեղել համայն սփիւռքահայութեան հատուածները իր հովանիին ներքեւ, առանց խտրականութեան եւ միացեալ ոյժերով դիմագրաւելու համար հայ ազգին սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրները,  նորահաս հայ սերունդին համար հիմնաքարեր ստեղծելով  հայ ազգային գիտակցութեան եւ որպէս հայ պահպանելու աշխատանքներով, զանոնք ձուլումի վտանգէն, մշակոյթի եւ լեզուի կորուստէն փրկելու համար:

Ուստի՝ նկատի ունենալով հայ ազգին նորանկախ հայրենիքի 23 տարիներու վերելքի դժուարութիւնները քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մակարդակներով,  շրջափակուած  ոխերիմ թշնամիներով, յարատեւ եւ բռնազբօսիկ ճնշման տակ կը մնայ այսօր արտաքին տուեալներով : Իսկ սփիւռքահայ գաղութներ, որոնք անցեալ տասնամեակներուն կը վայելէին համեմատաբար բարեկեցիկ կեանք, այսօր՝ կը տառապին հալածանքէ, թալանէ եւ կոտորածէ, տալով նաեւ մարդկային զոհեր, պատճառ դառնալով իրենց արտագաղթին:

Հիմնուելով հայ ժողովուրդի դարաւոր փորձանաւոր պատմութեան վրայ, Համահայկական Գաղափարախօսութեան հիմնարկը պիտի հանդիսանայ հայ ազգի այժմէական փրկարար կառոյցը, որ պիտի կարենայ համախմբել հայ ժողովուրդի բոլոր մասնիկները մէկ հովանիի ներքեւ, հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին, գործելու համար միասնական ոյժով, ծրագրելու եւ կերտելու համար հայ ազգին ապագան, որպէսզի հայ ժողովուրդը պատրաստ գտնուի ապագային համար եւ այլեւս չբաւականանայ պատահարներու հակազդեցութեամբ միայն:

Կարելիութիւնները անսահման են նպատակներու իրագործման համար, երբ համագործակցութեան կամքն ու ազգային գիտակցութեան ոգին ներկայ են ազգի մը զաւակներուն մօտ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին