Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

ՌԱԿ-ի «ՆՈՐ ՕՐ» Երկլեզու Պաշտօնաթերթի 92-րդ Ամեակի Տօնակատարութիւնը

*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*

Khachig Janoyan

Ռ.Ա.Կ.ի շրջանակի գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս, Կիրակի, Հոկտեմբեր 5, 2014, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Վան Նայս քաղաքի »Օլիմփիա« սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ մեր թերթի հիմնադրութեան 92-րդ տարեդարձի ջերմ եւ շատ հաճելի խրախճանք-տօբակատարութիւնը:

Ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ պիտի պատուեն Կուսակցութեան Արեւմտեան Շրջանի ղեկավարութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ Շրջանային Վարչութեան ժրաջան եւ վաստակաշատ ատենապետ՝ ընկ. Յակոբ Նազարեանի, ինչպէս նաեւ՝ Ռ.Ա.Կ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն՝ ընկ. Տօքթ. Ռաֆֆի Պալեան եւ ընկ. Գէորգ Գրիգորեան իրենց ազնիւ կողակիցներով:

Այդ օր ելոյթ պիտի ունենայ թերթի նուիրեալ խմբագիր՝ ընկ. Յակոբ Մարտիրոսեան, որ միաժամանակ Շրջանային Վարչութեան ատենադպիրն է œ խմբագրական կազմի անդամ, Հ.Բ.Ը.Միութեան Մարի անուկեան վարժարանի Հայկական բաժնի երիտասարդ ղեկավար՝ ընկ. Հրաչ Սեփեթճեան:

Տօնակատարութիւնը կազմակերպուած է »Նոր Օր«ի Տիկնանց Օժանդակ Մարմնի նուիրեալ անդամուհիներու կողմէ, որոնք տարին 12 ամիս այլատեսակ ձեռնարկներով սատար եւ նեցուկ կանգնած են մեր ղեկավարութեան, թերթի նիւթական ծով կարիքներուն հասնելու համար:

Այդ օր պիտի գործադրուի գեղարուեստական խնամեալ յայտագիր մը՝ հաճելի անակնկալներով համեմուած: Ելոյթ պիտի ունենայ գաղութիս սիրուած երգիչներէն Դաւիթ Սամուէլեան, ընկերակցուեամբ հմուտ արուեստագէտ-երգահան՝ Արամ Լեփեթճեանի: Արդէն Դաւիթ Սամուէլեանի հաճելի ներկայութիւնը եւ քաղցրահունչ երգերը գրաւականներ են ձեռնարկի մը փայլուն յաջողութեան:

* * *

«Նոր Օր» 92 տարի շարունակ լոյս տեսնելով, մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի լուրերը ամենայն պարկեշտութեամբ հաղորդեց, եղաւ հայ իրականութեան մաքրամաքուր եւ անբիծ հայելին: Ա.Մ.Ն. տնտեսական ամէնէն դժուարին օրերը ապրեցաւ, բայց շնորհիւ իր ընթերցողներուն եւ զինք հովանաւորող Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավարութեան աշխատանքներուն, թերթը միշտ կենդանի եւ կանգուն մնաց եւ հաւատարմօրէն կը շարունակէ ծառայել մեր ժողովուրդին, յաղթահարելով բազում, բայց մանաւանդ նիւթական դժուարութիւններ:

Հայ թերթ հրատարակելը միշտ ալ նիւթական մեծ զոհողութեան կարիքը ունի: Մանաւանդ այս օրերուն, երբ հաշուիչ մեքենաներով հազարումէկ լուր, վայրկեաններու ընթացքին ողջ աշխարհը կը շրջի, տպագիր մամուլը այս մարտահրաւէրին առջեւ կը գտնուի: Բարեբախտաբար տպագիր հայ թերթը ունի իր ընթերցողները, որոնք մեծագոյն հա-ճոյքն ու բաւարարութիւնը կը ստանան հայ թերթ կարդալէ: Անոնք, այ-սինքն հայ ընթերցողները, անհամբեր կը սպասեն հայ թերթին: Ասիկա գիտենք, քանի որ երբ որեւէ մէկ պատճառով »Նոր Օր«, կամքէ անկախ (նամակատան անկանոնութիւն, եւայլն) մէկ-երկու օր ուշանայ, բազմաթիւ հեռախօսազանգերով ընթերցողները կը հետաքրքրուին թերթով:

Տարբեր համ ու հոտ ունի տպագիր հայ թերթ կարդալը, ճիշդ ասոր համար է որ տպագիր մամուլը իր յատուկ առաքելութիւնը ունի: Ազգապահպանման, հայրենասիրութեան, հայ մշաթոյթի եւ լեզուի տարածման գլխաւոր ազդակներէն է հայ մամուլը: Բոլորիս ալ ծանօթ են տպագիր հայ մամուլի դժուարութիւնները: Ինչպէս ըսինք, այսօր հայ մամուլը, քայլ պահելու համար ժամանակակից գիտութեան հետ, անհրաժեշտ է շատ ջնջին գինով մը հրապարակ իջնել, յաճախ թերթին ծախսերուն կէսը հայթայթելով: Բայց նկատի ունենալով մեր ժողովուրդի մշակութասիրութիւնը Հայ Դատի եւ իրաւունքներուն տէր ըլլալու գիտակցութիւնը, առատօրէն կը նուիրաբերէ եկեղեցիներուն, դպրոց-ներուն եւ հայ մամուլին:

Կը յուսանք, որ մեր հայրենակիցները կ՛անդրադառնան եւ կ՛արժեւորեն հայ մամուլին դերը մեր կեանքէն ներս եւ ըստ այնմ իրենց գրպանները եւ սիրտերը լայն կը բանան հայ մամուլին համար:

Հայ մամուլը առանց մեր նուիրատւութեան դժուար թէ կարենայ գոյատեւել, հետեւաբար եկէք բոլորս ալ այս գիտակցութեամբ նիւթա-պէս մեր նպաստը բերենք »Նոր Օր«ին, զայն աւելի բարգաւաճ, բովանդակալից եւ ժամանակակից դարձնելով:

Սիրով կը հրաւիրենք մեր Շրջանակի բոլոր անդամները, համա-կիրները եւ հայ մանուլի դերին հաւատացող հայրենակիցները, ներկայ ըլլալու այս անմոռանալի ձեռնարկին եւ հաճելիին հետ նաեւ ազգօգուտ գործ մը կատարելով ազգային քաղցր պարտականութիւն մը ըրած կ՛ըլլան:

Տոմսերու համար հեռաձայնել »Նոր Օր«ի գրասենեակը՝ (626) 296-2921:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին