Ուրբաթ, 08. 12. 2023

spot_img

Հայաստանի Անկախութեան Նուիրուած Տօնակատարութիւն Փրակի Մէջ

Սեպտեմբեր 24-ին Չեխիոյ ՀՀ դեսպանութիւնը մայրաքաղաք Փրակի “Ինթըրքոնթինենթըլ” հիւրանոցին մէջ կազմակերպած է ընդունելութիւն` նուիրուած ՀՀ Անկախութեան 23-րդ տարեդարձին: Այս մասին կը  հաղորդէ ԱԳՆ լրատուական ծառայութիւնը:

Ձեռնարկին մասնակցած են ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ էդուրադ Շարմազանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Չեխիոյ խորհրդարանի Ծերակոյտի փոխնախագահ Միլուշէ Հորսգան, Չեխիոյ արդիւնաբերութեան եւ առեւտրու նախարար Եեան Մլատեգը, ծերակուտականներ, պատգամաւորներ, երկրին մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ այլ գերատեսչութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, մշակոյթի եւ արուեստի գործիչներ, լրագրողներ, հասարակական կազմակերպութիւններու, Չեխիոյ գործարար աշխարհի, Չեխիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր Հայաստանէն:

Ելոյթներով հանդէս եկած են Չեխիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Սէյրանեանը եւ Ծերակոյտի փոխնախագահ Միլուշէ Հորսգան: Դեսպանը հիւրերուն ներկայացուցած է ՀՀ անցած 23-ամեայ ուղին, անցեալի եւ ժամանակակից մարտահրաւէրները, անդրադարձած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին, Հայող Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան համագործակցութեան: Դեսպանը իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է հայ-չեխական յարաբերութիւններու աննախադէպ վերելքին, խօսած է անոնց հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ` Չեխիոյ հայ համայնքի մասին:

Տիկին Հորսգան նոյնպէս անդրադարձած է վերջին երեք տարիներուն ընթացքին չեխ-հայկական գործակցութեան զարգացման զանազան բնագաւառներուն` ընդգծելով երկու երկիրներու ընդհանրութիւնները, յաջողութիւններն ու մարտահրաւէրները: Ան հպարտութեամբ նշած է, որ Չեխիան պատրաստակամ է շարունակելու աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին