Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Եւրոմիութիւնը Կարէն Պետրոսեանի Հարցով Հետաքննութիւն Կը Պահանջէ

«Եւրոմիութիւնը խորապէս կը ցաւի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետեւանքով կեանքերու շարունակական եւ ողբերգական կորուստին կապակցութեամբ, որ աւելի հրատապ կը դարձնէ հակամարտութեան շուտափոյթ եւ արդար լուծում գտնելու հրամայականը:

Մենք նաեւ մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Կարէն Պետրոսեանի ընտանիքի եւ միւս հայ եւ ատրպէյճանցի զոհերու ընտանիքներուն», ըսած է Եւրոմիութեան ընդարձակման եւ եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շտեֆան Ֆիւլէի խօսնակ Փեթեր Սթանօն՝ պատասխանելով Կարէն Պետրոսեանի մահուան հետ կապուած հարցումին:

«Եւրոմիութիւնը կ՛ընդգծէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի շրջանակներու մէջ երկու կողմերուն ունեցած պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս անոնք, որոնք կը վերաբերին քաղաքացիներու եւ հակամարտութիւններու ընթացքին կալանաւորուած անձերու հետ վարուելուն։ Եւրոմիութիւնը կոչ կ՛ընէ նման միջադէպերու լիարժէք եւ թափանցիկ հետաքննութիւններու կայացման: Կոչ կ՛ընենք Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին՝ Միջազգային Կարմիր Խաչին տրամադրելու անարգել մուտք եւ ցուցաբերելու աջակցութիւն, որպէսզի միջազգային մարդասիրական իրաւունքին համապատասխան՝ արագ լուծում տրուի հակամարտութեան հետեւանքով մահացած կամ կալանաւորուած անձերու հարցերուն», աւելցուցած է Սթանօ:

www.panorama.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին