Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Մինչ հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Հայաստանի մէջ տեղի կþունենար Հայաստան – սփիւռք 5-րդ համահայկական համաժողովը, որուն ընթացքին հայութիւնը անգամ մը եւս միջազգային ընտանիքէն արդարութիւն պահանջեց, ոճրային ձեռքը երկարեցաւ՝ Տէր Զօրի մէջ ականահարելով Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին եւ անոր կից գտնուող թանգարանը, ուր կը հանգչին Հայոց ցեղասպանութեան բազմաթիւ նահատակներու աճիւնները։

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները խստօրէն կը դատապարտեն այս ականահարումը՝ մեկնելով հայութեան համար Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ներկայացուցած բարոյական եւ խորհրդանշական արժէքէն, եւ կոչ կþուղղեն միջազգային ընտանիքին ամէնէն արագ միջոցին շարժելու՝ դատապարտելու համար ոճրային այս արարքը։

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները նաեւ կոչ կþուղղեն թրքական պետութեան սանձելու ոճրագործները՝ մեկնելով անոնց հետ իր ունեցած կապերէն, անկախ այսպիսի արարքներու մէջ իր ունեցած ուղղակի թէ անուղղակի պատասխանատուութենէն։

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ
ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմին

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին