Հայաստանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Հանրապետական Վարչութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ. «2014 թուականի Սեպտեմբերի 22-ը որպէս կարեւոր թուական մը պիտի մնայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան համար. երկար ջանքերէ ետք Կուսակցութեան հայաստանեան կառոյցը օժտուեցաւ սեփական գրասենեակային շէնքով մը, Երեւանի կեդրոնին մէջ, Եզնիկ Կողբացի փողոցին (թիւ 20/3) վրայ, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան պուրակին մօտ։ Շէնքը գնուեցաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մ. Նահանգներու եւ Քանատայի Կեդրոնական վարչութեան, <<Փիւնիկ>> հիմնադրամի, ընկեր Նար Խաչատուրեանի (Պէյրութ), ընկեր Վարդան Նազիրեանի (Լոս Անջելես) նիւթական զոհողութիւններով։ Չորս յարկանի շէնքին գնման մէջ որոշիչ եղան մանաւանդ ընկեր Նար Խաչատուրեանի հետեւողական ջանքերըՙ բազմաթիւ այցերով, բանակցութիւններով ու հանդիպումներով լեցուն»։
Ըստ հաղորդագրութեան. «Սեպտեմբերի 22-ին, ընկերներ Նար Խաչատուրեանի եւ ՌԱԿ Հանրապետական վարչութեան ատենապետ ընկեր Յակոբ Աւետիքեանի ձեռամբ նորակառոյց շէնքի սեփականատիրոջ ամբողջովին վճարուեցաւ համաձայնեցուած գումարը եւ ԹՄՄ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկեր Գէորգ Մարաշլեանի, ՌԱԿ Հանրապետական վարչութեան փոխատենապետ ընկեր Կարէն Կակոյեանի, ատենադպիր ընկեր Սուրէն Սարգսեանի, ինչպէս նաեւ փաստաբանիներկայութեամբ ստորագրուեցան շէնքին գնման եւ յարակից փաստաթուղթերը, որոնք տեղւոյն վրայ, որպէս ԹՄՄ Կեդր. վարչութեան եւ ՌԱԿ Հանրապետական վարչութեան համատեղ սեփականութիւն վաւերացուեցան պետական նոտարին կողմէ»։
ՌԱԿ Հանրապետական Վարչութիւնը իր հաղորդագրութեան աւարտին, կը տեղեկացնէ, թէ. «շէնքին երեք յարկերը պիտի ծառայեն, որպէս
ՌԱԿ կեդրոնական գրասենեակ եւ ժողովատեղի ու գրադարան, իսկ առաջին յարկը, որոշ վերափոխումէ ետք, պիտի տրուի վարձակալութեան մինչ Կուսակցութեան գրասենեակի տեղափոխումը <<Ազգ>> թերթի խմբագրութեան շէնքէն Եզնիկ Կողբացի 20/3 հասցէ՝ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբերի 1-ին, վերակահաւորման անհրաժեշտ աշխատանքներէ ետք»։
[divide icon_position=»left» width=»medium»]
Այս առիթով «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի խմբագրութիւնը սրտանց կը շնորհաւորէ ՌԱԿ Հանրապետական Վարչութիւնը այս իրագործումին համար եւ իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ ընկեր Նար Խաչատուրեանին իր անզուգական ներդրումին համար յաջողցնելու այս մեծ գործը: