Ուրբաթ, 08. 12. 2023

spot_img

Շարլ Ազնաւուր Հոկտեմբերին Համերգով Հանդէս Կու Գայ Մոսկուայի Մէջ

Շարլ Ազնաւուր հոկտեմբերին մէկ համերգով հանդէս պիտի գայ Մոսկուայի մէջ: Նախապատրաստուելով համաշխարհային հիւրախաղերուն` ան ԻՏԱՌ-ՏԱՍՍ-ի թղթակիցին ընդունած Է Մուրիէս քաղաքի մերձակայ իր առանձնատան մէջ:

«Անհամբերութեամբ կը սպասեմ ռուս հանդիսատեսի հետ հանդիպման: Ռուսաստանը Հայաստանի, Իտալիոյ եւ Սպանիոյ հետ միասին այն երկիրներէն մէկն Է, ուր ինծի համար միշտ ալ յատկապէս հաճելի Է ըլլալը»,- ըսած Է
Ազնաւուր:

«Երբեք չեմ մոռնար իմ առաջին համերգները ԽՍՀՄ-ի մէջ 1963 թուականին: Ծրագրուած երեսուն երգի փոխարէն  հարկ եղաւ կատարել շուրջ վաթսունը»,- նշած Է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին