Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկենեցաւ Նիւ Եորք՝ մասնակցելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի 69-րդ նստաշրջանի ընդհանուր նիստերուն:
Նախագահին մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց, թէ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի, Եւրոպական խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թորպիորն Եակլանտի եւ շարք մը պետութիւններու ղեկավարներու հետ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ելոյթ պիտի ունենայ Գոլումպիայի համալսարանին մէջ: Ան նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու միջազգային յարաբերութիւններու փորձագէտներու, Ազգային Էթնիկ Խորհուրդ Կազմակերպութիւններու նախագահ Նասէր Քազեմինի հետ: Նախագահ Սարգսեան նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: