Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

Եթէ Թուրքիան Կանգնած Չէ Այս Ահաբեկչութեան Թիկունքին,Ապա Պէտք Է Հանդէս Գայ Դատապարտող Յայտարարութեամբ. Վիգէն Սարգսեան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ անդրադարձած է ISIS գրոհայիններու կողմէն Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ պայթեցման: Ան մասնաւորապէս նշած է.

«Այսօր`  սեպտեմբերի 21-ին, ժամը 11.30-ին, Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին, որտեղ ամփոփուած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի մասունքները, պայթեցուել է ISIS գրոհայինների կողմից: Սա եւս մէկ վկայութիւնն է այն պարզ ճշմարտութեան, որ մինչեւ ցեղասպանութիւնը լիարժէքօրէն դատապարտուած, ճանաչուած եւ պատժուած չէ, այն շարունակւում է: Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը պատմութեան հարց չէ, այլ` քաղաքականութեան: Եթէ քաղաքականութիւնը չի հենւում սկզբունքների վրայ, այն միշտ տանուլ է տալու այժմէական շահերին: Սկզբունքներն ու բարոյականութիւնը վեր են ամէն ինչից: Եթէ Թուրքիան կանգնած չէ հայերի համար այս բացառիկ նշանակութիւն ունեցող եկեղեցու պայթեցման ահաբեկչութեան թիկունքին,ապա  այն անմիջապէս պէտք է հանդէս գայ դատապարտող յայտարարութեամբ»:

Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած էինք, արաբական almayadeen կայքի փոխանցմամբ` Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքի Ալ Ռաշտիէ թաղամասին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին թիրախ դարձած է  ՏԱՀԵՇ-ին:

Ահաբեկիչները պայթեցուցած են Սուրբ Նահատակաց յուշահամալիրի մէջ գտնուող հայկական պատմական եկեղեցին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին