
Վարդն Առանց Փուշի
Սիրուն վարդը փուշի կողքին,
Չունէր հանգիստ ու դադար.
Կ’ուզէր ըլլալ ան առանձին,
Որ զինք քաղեն դիւրաբար:
-Հերի՛ք է ալ, լքէ՛ դուն զիս,
Բա՛ւ է որքան արիւնես.
Սիրողներս իմին չորսդիս,
Կը բաւէ՛ ալ չարչարես:
Փուշը ժպտաց ու դառնացած,
Դարձաւ վարդին ու ըսաւ.
– Անփորձ վարդս՝ կեանքի ընկեր,
Սիրողներդ դուն չես գիտեր.
Իմ պատճառով անոնք քեզի,
Արիւն տուին որ հասան.
Առանց ինծի շատ դիւրին ես,
Հետեւաբար շատ աժան:
Ժան Վարդան
Հալէպ 2003