Երկուշաբթի, 21. 04. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ ՀԵԸ Անդրանիկ-Սեւանի Ամառնային Բանակումը

16-էն 31 Օգոստոսի պայծառ օրերուն, Րաս Էլ Մէթն-ի բանակավայրի գեղեցիկ բնութեան մէջ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական կազմերը հաւաքուած էին ունենալու իրենց տարեկան բանակումը, պատուաբեր եւ դաստիարակչական գործ մը տանելու համոզումով, եւ հայկական բարեգործական ազգաշէն գործունէութեամբ, անոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին օգտուելու սոյն բանակումէն որ ոչ միայն հաճոյքի, օդափոխութեան կամ պտոյտի համար էր, այլեւ կը նպատակադրէր դաստիարակչական աշխատանքով զօրացնելու սկաուտական ոգին և պատրաստել տիպար Հ.Ե.Ը-ականներ:

15 օրերու ընթացքին ամենափոքր թիթեռէն  մինչեւ երիտասարդ երէցը, անցուցին հաճելի եւ անմոռանալի օրեր: Բանակումը սկսաւ նախապատրաստական խմբակով, որ կը բաղկանար երէցներէ ու խմբապետական կազմի անդամներէ: Անոնք աշխատեցան պատրաստելու բանակումի կայմը, ինչպէս նաեւ զանազան կազմածներ, զորս պատրաստ պէտք էր ըլլային նախքան սկաուտական խումբի ժամանումը: Ժրաջան աշխատանքը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, նախ բանակավայր ժամանեց  սկաուտական խումբը, ապա հերթաբար ժամանեցին քարավելական եւ արենուշական, գայլիկական եւ արծուիկական եւ վերջապէս թիթեռական խումբերը: Բոլորին դէմքերուն վրայ ժպիտը շատ յստակ էր, ամբողջ տարուայ աշխատանքը պիտի աւարտէր տարեկան այս բանակումով: Մօտ 14 օր խումբերը ունեցան իրենց առօրեան, դաստիարակչական խաղեր, զանազան սկաուտական եւ այլ գիտելիքներու փոխանցում, արշաւներ, ինչպէս նաեւ կրակի շուրջ գիշերային հաւաքոյթները, որոնք ամբողջ օրուայ յոգնութիւնը կը մոռցնէին. երգերով ու պարերով ստեղծելով խանդավառ մթնոլորտ մը:

14 անմոռանալի օրեր անցնելէ ետք, հասած էր բանակումի ընդհանուր խարուկահանդէսի օրը: Շաբաթ, 30 Օգոստոսի երեկոյեան, Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներ, միութենականներ ու ծնողներ միասնաբար կ՛ողջունէին մուտքը Հ.Ե.Ը-ի փողերախումբին, որուն տողանցելով կը յաջորդէին Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական շարժումի բոլոր կազմերու անդամները: Քայլերգերը երգելէ ետք խարուկահանդէսը սկսաւ հայերէն ու արաբերէն բացման խօսքերով, ապա մասնաճիւղիս Գործադիր Մարմնի ատենապետ Եղբ. Յակոբ Թելվիզեանի խօսքով: Ան իր խօսքի աւարտէն ետք, Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմնի անդամները հրաւիրելով պատուեց  խմբապետական կազմի անդամները, որոնք տարիներ շարունակ կը ծառայէն ակումբիս, իրենց անձնական գործի, ու համալսարանի պարտաւորութիւններու կողքին, նուիրուածութեամբ ծառայելով ՀԲԸՄ-ՀԵԸի: Ապա Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տիար Վիգէն Չերչեանի խօսքը փոխանցեց Հ.Ե.Ը-ի Վարիչ Տնօրէն Եղբ. Գէորգ Սանթուրեան: Խարուկահանդէսի խարոյկը բոցավառեցաւ Տիար Վաչէ Մելքոնեանի, Պարոն Արա Վասիլեանի եւ Եղբ. Յակոբ Թելվիզեանի կողմէ: Խարոյկի նիւթն էր Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման 100րդ Տարելիցը, թէ ինչպէ՞ս իրենց հողերէն աքսորուած հայերը  տարածուեցան աշխարհի չորս ծագերը, իրենց հետ տանելով իրենց մշակոյթն ու կենցաղը, նոյն ատեն ալ ազդուելով այդ երկիրներու մշակոյթներէն: Սոյն գաղութներն ու մշակոյթները ներկայացուեցան պարերով ու երգերով, զորս ներկայացուցին հերթաբար, մասնակից խումբերու անդամները: Խարուկահանդէսը վերջ գտաւ սկաուտներու կազմած, Արարատ ու Մասիս լեռներու պատկերը խորհրդանշող բուրգովմը, եւ ապա շուրջպարով:

Խարուկահանդէսի ընթացքին կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Այս խարուկահանդէսի յաջողութիւնը եկաւ ապացուցելու թէ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական շարժումը, առոյգ գոյութիւն մըն է Հ.Ե.Ը-ի կազմերէն ներս: Թող յաւէ՜տ ապրի մեր ջահերը ընդմիշտ վառ պահող սկաուտական ոգին, թող միշտ յաւերժ ապրին մեր Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը-իսկաուտական շարքերը:

ՍարհատՍարհատեան

Երէց

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին