Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Փրակի Գարլի Համալսարանին Մէջ Հայագիտութեան Բաժանմունքը Պիտի Վերաբացուի

Սեպտեմբեր 16-ին Չեխիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Փրակի Գարլի համալսարանին միջեւ կնքուեցաւ համաձայնագիր` համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժանմունքին մէջ  հայագիտութեան առարկաներու դասընթացի վերաբացման վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳ Նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն:

Հայկական կողմէն պայմանագիրը ստորագրեց Չեխիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Սէյրանեան, չեխական կողմէն` համալսարանի տնօրէն Դոմաշ Զիման:

Գարլի համալսարանին մէջ հայագիտութեան դասաւանդումը աւանդոյթներ ունի: Տարբեր տարիներ (1953թ. եւ 1996թ.) բացուած է ամպիոն կամ իրականացած է դասախօսութիւններու շարք:

Կարեւոր համարելով համալսարանին մէջ հայագիտութեան դասաւանդման աւանդոյթներու վերականգնումը` Հայաստանի կառավարութիւնը` ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան առաջարկով, որոշում կայացուցած է նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել Գարլի համալսարանին` դասաւանդումը վերսկսելու նպատակով:

2014-2015թթ. ուսումնական տարուան ընթացքին չեխ ուսանողներուն պիտի առաջարկուին հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան, մշակոյթի եւ աշխարհագրութեան դասընթացներ:

Ստորագրման պաշտօնական արարողութենէն յետոյ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ ողջունելով հիւրերը` տնօրէն Զիման նշեց, որ չափազանց կարեւոր կը համարէ հայագիտութեան առարկաներու դասաւանդման վերսկսումը եւ հայալեզու գրականութեան գրադարանի վերականգնումը համալսարանին մէջ:

Դեսպան Սէյրանեան, իր հերթին, շնորհակալութիւն յայտնեց հայագիտութեան առարկաներու դասաւանդումը սկսելու հարցով չեխական կողմի պատրաստակամութեան եւ հետաքրքրութեան համար` նշելով, որ անիկա մեծապէս պիտի նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ սերտ կապերու ամրապնդման ու զարգացման, յատկապէս կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառին մէջ: Դեսպանը առաջարկեց յառաջիկային ուսումնասիրել Փրակի Գարլի համալսարանի եւ Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու միջեւ ուղղակի կապ հաստատելու հնարաւորութիւնները` յետագային ուսանողներու միջեւ փոխանակման եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ծրագրերու իրականացման նպատակով:

Արարողութեան եւ հանդիպման ներկայ էին նաեւ Չեխիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու պալատի պատգամաւոր, Չեխիա-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Ռոպին Պէոհնիշը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին