Չորեքշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պիտի մեկնի Հայաստան, մասնակցելու Հայաստան-Սփիւռք Ե. համաժողովին: Այս մասին կը հաղորդեն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն:
Սոյն համաժողովին, նաեւ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները եւ Ազգային Իշխանութեանց ներկայացուցիչները:
Ուրբաթ, 19 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, համաժողովի բացման նիստին, Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը պիտի ուղղէ համաժողովին, եւ նոյն օրն իսկ պիտի վերադառնայ Անթիլիասի Մայրավանք: