Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Յայտարարութիւն՝ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

17 Սեպտեմբեր 2014

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնս, Լիբանանի պետական երեսփոխանական ընտրութեանց թեկնածուներու արձանագրութիւններու ժամկէտի աւարտին լոյսին տակ հետեւեալը կ՛ուզէ հաստատել՝

Ա. Նկատի ունենալով, որ 2014-ի երեսփոխանական ընտրութեանց թեկնածուներու արձանագրութիւններու գործընթացը իր մէջ կը պարունակէ հակաօրինական շատ մը բացթողումներ,

Բ. Նկատի ունենալով, որ արդէն իսկ հակաօրինական եւ անժողովրդական  կերպով յետաձգուած եւ տակաւին ըստ երեւոյթին յետաձգելի այս ընտրութեանց թեկնածութեան արձանագրութիւնները խնդրահարոյց են իրենց ձեւին եւ պարունակութեան մէջ, հետեւաբար անոր արդիւնքները (եթէ նոյնիսկ յառաջիկայ Նոյեմբեր 2014-ին ընտրութիւններ տեղի ունենան) ահագին հարցականներու, դատերու եւ փոխադարձ դատերու դուռ պիտի բանան,

Գ. Նկատի ունենալով, որ արդէն իսկ յետաձգուած ընտրութեան թուական մը միշտ ալ կարելի էր անգամ մը եւս եւ շատ կարճ ու թեքնիկական յետաձգումի մը ենթարկել աւելի օրինականացնելու անոր գործադրութեան կազմակերպումը կամ քոնէ ատենին եւ ի զուր անցած ամիսներուն ընթացքին օրինաւորապէս կազմակերպած ըլլալ անոր գործընթացը,

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնս սկզբունքային կեցուածքով մը յարմար տեսաւ իր կողմէ այս վերջին արձանագրութեանց՝ Կուսակցութեանս անունով թեկնածու չարձանագրել, աւելի յարմար ժամկէտի մը եւ օրինական պայմաններով ու գործընթացով կազմակերպուելիք ընտրութեանց վերապահելով իր թեկնածուները արձանագրելու իրաւունքը, միշտ դաշնակից մնալով 14 Մարտի Ուժերուն հետ, որոնց հետ կը բաժնէ Լիբանանեան մեր հայրենիքին գերիշխանութեան, անկախութեան  եւ ապագայի նկատմամբ միեւնոյն տեսիլքն ու հաւատքը :

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին