Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Քերին Արդիւնաւէտ Քննարկումներ Ունեցած Է Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Նախագահներուն Հետ. Ուորլիք

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին մեկնաբանած է ՆԱԹՕի գերաստիճանի ծիրէն ներս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի հանդիպումը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ:

Ուորլիք յայտնած է, որ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները վերահաստատած են հակամարտութիւնը խաղաղ եղանակով լուծելու իրենց յանձնառութիւնը՝ «արդիւնաւէտ որակելով եռակողմանի քննարկումները։

«Յառաջիկայ ամիսներուն շատ աշխատանք ունինք մեր առջեւ, հասնելու համար մեր ընդհանուր նպատակին՝ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն համար խաղաղութեան հաստատման։ Ճան Քերիի հանդիպումը օգնեց պարզելու, թէ ինչի՛ վրայ անհրաժեշտ է կեդրոնացնել մեր ջանքերը», նշած է Ուորլիք:

Յիշեցնենք, որ հանդիպումը տեղի ունեցած էր ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ։

www.panorama.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին