Ատրպէյճան կը փորձէ սահմանին սադրանքները օգտագործել ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին վրայ ազդելու նպատակով: «Խօսքը զուտ նախնիներու հողին վրայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին մասին է: Այլընտրանք չկայ: Մենք ամէն բան պիտի կատարենք անոր համար». շեշտեց Օհանեան:
Ըստ նախարարին՝ հակառակորդը արդէն անգամ մը հայ ժողովուրդը դրդած է զինեալ հակամարտութեան: «Մենք պաշտպանեցինք մեր սահմանները: Բայց հակառակորդը կը փորձէ երկրորդ անգամ ճնշում գործադրել եւ հասնիլ զիջումներու: Մեզի համար ընդունելի են փոխադարձ պայմանաւորուածութիւնները, բայց անընդունելի են անհասկնալի զիջումները՝ անյայտութեան դիմաց»:
Ըստ Սէյրան Օհանեանի՝ հակառակորդը ռազմաշունչ հռետորաբանութեամբ եւ սահմանին խախտումներու դիմելով կը փորձէ ուժ ցուցադրել՝ բանակցային գործընթացին վրայ ազդելու նպատակով.« Այդ մէկը չստացուեցաւ, շնորհիւ հայ սպաներու եւ զինուորներու խիզախութեան: Հետախոյզները ոչ միայն շպրտուեցան,այլեւ կանխարգելիչ միջոցառումներ ձեռնարկուեցան«. ընդգծեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը: