Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Պասկերու Խորհրդարանը Ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնորոշման Իրաւունքը

Եւրոմիութեան տարածքային խորհրդարանը, այսօր, պատմութեան մէջ առաջին անգամ, ընդունած է փաստաթուղթ, ըստ որուն` կ’աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման: Այս մասին կը յայտնեն “Հայաստանի Եւրոպացի Բարեկամներ” (ՀԵԲ) կազմակերպութենէն:

Պասկերու Խորհրդարանի` այսօր ընդունած փաստաթուղթը կը խրախուսէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի` ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն հաւատարմութիւնը, անկախ ստեղծուած բարդ իրավիճակին: Անիկա կը նշէ, որ Ղարաբաղի ժողովուրդը իրաւունք ունի ընտրելու սեփական ապագան, մասնաւորապէս իր ինքնորոշումը, որ առանցքային տարր է հակամարտութեան կարգաւորման որեւէ բանակցային գործընթացի համար:

Ի վերջոյ, այսօր ընդունած փաստաթուղթը կը շեշտէ Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան կարեւորութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի հակամարտութեան կարգաւորման նուիրուած բանակցութիւններուն:

“Ուրախ եմ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդավար կառավարութեան ճանաչման համար եւ կ’ողջունեմ ԵՄ օրէնսդրութեան համապատասխանելուն միտուած ջանքերը: ԼՂ հանրութիւնը պէտք է հպարտ ըլլայ, որ եւրոպական տարածքին ժողովրդավարութեան յանձնառութիւնը իբրեւ անքակտելի մաս, ճանչցուած է ոչ միայն ԱՄՆ-ի մէջ, այլ նաեւ` ԵՄ-ի”,- նշած է ՀԵԲ տնօրէն Էտուարտօ Լորենցօ Օչոան:

1979 թուականէն ի վեր, Պասկերու Երկիրը Սպանիոյ 17 ինքնավար համայնքներէն մէկն է եւ ունի մօտաւորապէս 2,5 միլիոն բնակչութիւն: Անիկա ունի գործադիր եւ օրէնսդիր սեփական մարմիններ: Պասկերու Խորհրդարանը ենթապետական խորհրդարաններէն մէկն է, որ կը վայելէ լիակատար իրաւասութիւն Եւրոպական Միութեան տարածքին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին