Բնական աճը (ծնունդներու եւ մահերու տարբերութիւնը) Հայաստանի մէջ 1990-ական թուականներու համեմատ կրճատուած է 4,5 անգամ, իսկ ծնունդները` 2 անգամ: Եթէ այսպէս շարունակուի, 2030 թ-ին Հայաստանը պիտի ունենայ կրկնակի քիչ բնակչութիւն, մինչդեռ հարեւան երկիրներու մէջ պիտի կրկնապատկուի մարդոց թիւը: Այս մասին, ըստ Tert.am-ի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Մայր աթոռ Սբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած «Ընտանիք, հասարակութիւն եւ Եկեղեցի. ժամանակակից մարտահրաւէրներ» խորագիրով գիտաժողովին ըսած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան մայրութեան եւ վերարտադրութեան բաժնի պետ Գայիանէ Աւագեանը:
«Սա իսկապէս մարտահրաւէր է, եւ սրա վրայ պէտք է ուշադրութիւն դարձնեն բոլորը»,-յայտարարեց ան` նշելով, որ իրենք շատ կարեւոր կը համարեն ծնելիութեան գործակիցներու միտումներու անհանգստացող տուեալները. «Երկրում չունենք անգամ պարզ վերարտադրութիւն»:
Անդրադառնալով յղութեան արհեստական դադրեցումներուն` ԱՆ պաշտօնեան նշեց, որ անոնց թիւը շատ չէ Հայաստանի մէջ, բայց տասը եւ աւելի անգամ աւելցած են բժշկական ցուցմունքներով ընդհատումները: Այդ ցուցանիշին բարձրացումը մէկ կողմէն կը վկայէ պտուղի խնդիրներու ժամանակին բացայայտման մասին, միւս կողմէ` արատներու աճին մասին: Իսկ սեռի հետ կապուած արհեստական ընդհատումներու դէմ նախարարութիւնը ունի ծրագիրներ, որ սեռի մասին նախապէս տեղեկութիւն չհաղորդուի ծնողին:
Գայիանէ Աւագեան նաեւ տեղեկացուց, որ հայ կանանց հիմնական խնդիրը կը շարունակէ մնալ կրծքագեղձի քաղցկեղը, նման ամէն երկրորդ դէպքը կ’արձանագրուի բարձիթողի վիճակի մէջ: Ըստ անոր` վերջին տասը տարուան ընթացքին նաեւ անպտղութեան կրկնակի աճ արձանագրուած է:
www.tert.am