Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

Կայացաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Ուսուցչական Կազմի Վերամուտը

“ Տէր կանգնինք մեր նահատակներու կտակին”

12 Սեպտեմբեր 2014-ին կայացած Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի ուսուցչական եւ տեսչական կազմերու միացեալ ընդհանուր ժողովը նշեց վարժարանին մէջ կրթական գործի վերամուտը՝ 2014-2015 տարեշրջանին համար:

Ժողովը սկսաւ առաւօտեան ժամը 9-ին, Հակ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ աղօթքի արարողութեամբ, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ եկեղեցւոյ փոխ-ժողովրդապետ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան անդրադարձաւ աղօթքի կարեւորութեան՝ իւրաքանչիւր մարդու կեանքին ու գործին մէջ, մատնանշեց Յիսուս Քրիստոսը որպէս բոլոր ժամանակներու ուսուցիչի կատարելութեան տիպար եւ կոչ ուղղեց արարողութեան մասնակիցներուն իրենց պարտականութեանց մէջ դառնալու քարոզիչները Անոր ուսմունքին, վասն Ճշմարտութեան եւ Լոյսին:

Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուեցաւ “Ֆարաճեան” հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ վարժարանի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերու անդամներուն, ընդհանուր թիւով՝ 109:

Իր խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ նախ հաղորդեց, որ նոր տարեշրջանը պիտի ընթանայ “ Տէր կանգնինք մեր նահատակներու կտակին” նշանաբանով, առ ի յարգանք  Հայոց Ցեղասպանութան զոհերուն: Ան նշեց, որ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի մօտալուտ նշումը առիթ պէտք է ըլլայ կրթական գործին մէջ վեր բերելու ազգային եւ հոգեւոր այն արժէքները, որոնց հաւատարմութեան գինը իրենց արեամբ վճառեցին հայ ազգի 1.5 միլիոն նահատակները:

Ապա տնօրէնը ներկայացուց Մեսրոպեանի կրթական ընտանիքի նորագիր անդամները, դիտել տալով, որ յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ վարժարանին մէջ պիտի սկսին գործել երկու նոր բաժանմունքներ, մէկը՝ կրթական ընդհանուր խորհրդատուութեան, իսկ միւսը՝ դպրոցի զարգացման ծրագիրներու վերաբերեալ: Դպրոցէն ներս պիտի շարունակեն գործել ընկերային ծառայողի, հոգեբանական խորհրդատուի, լեզուական արատներու բուժման, եւ շուտով նաեւ՝ հոգեշարժունակութեան խնդիրներու լուծման մասնագէտի ծառայութիւնները:

Պարոն Կրէկուար Գալուստ շեշտեց Մեսրոպեանի կրթական ընտանիքին մէջ փոխադարձ վստահութան, սիրոյ եւ հանդուրժողութեան, կարգ ու կանոնի, անկեղծութեան եւ անմիջականութեան, լրջամտութեան հետեւողականութեան, ինչպէս նաեւ  նախաձեռնութեան ոգիի կարեւորութիւնը՝ կրթական գործի բարեյաջող ընթացքը ապահովելու համար: Այս ծիրին մէջ ան յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց ծնողներուն հետ յարաբերութիւնները առողջ եւ կառուցողական պահպանելու հրամայականը՝ որպէս յաւելեալ երաշխիք աշակերտներու արդիւնաւէտ կրթութեան:

Պարոն Գալուստ հաղորդեց, որ նորաբաց տարեշրջանին պիտի ընդլայնի ելկետրոնային միջոցներու կիրարկումը՝ դասացուցակներու կազմութեան, աշակերտներու ուսումնառութեան վերահսկողութեան եւ գնահատման, դասարանի մէջ դասերու վարման, ինչպէս նաեւ լրատուութեան մարզին մէջ: Ան տեղեկացուց նաեւ, որ Մեսրոպեան վարժարանը պիտի  շարունակէ իր գործակցութիւնը  Սեն Ժոզէֆ համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքին, Ֆրանսական ինսդիդուդին եւ Երեւանի պետական համալսարանին հետ, ըստ անոնց հետ կնքուած պայմանագիրներուն:

Վերջապէս, պարոն Գալուստ անհրաժեշտ համարեց աշխուժացնել Ուսուցչական խորհուրդին, Աշակերտական խորհուրդին, Աշակերտական ներկայացուցիչներու մարմնի եւ Ծնողական յանձնախումբին գործունէութիւնը, որպէսզի Տեսչական եւ Մանկավարժական խորհուրդներուն հետ միասին անոնք լիարժէքօրէն մասնակից դառնան դպրոցական կեանքի բարեյաջող կազմակերպման:

Ընդհանուր ժողովի աւարտէն ետք, ուսուցիչները ըստ բաժանմունքներու կայացուցին խմբային առանձին հանդիպումներ՝ քննարկելու համար աշխատանքային նորաբաց տարուան առընչուող հարցեր:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին