Երկուշաբթի, 24. 03. 2025

spot_img

Յունաստանի Խորհրդարանը Վաւերացուց Ցեղասպանութեան Ուրացումը Քրէականացնող Օրինագիծը

Յունաստանի խորհրդարանին մէջ ցեղասպանութեանց, ներառեալ Հայկական Ցեղասպանութեան, ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9ին։

Օրինագիծին ի նպաստ քուէարկեցին 54 երեսփոխաններ, իսկ 42 ուրիշներ՝ դէմ։ Ձեռնպահ մնացին 3 երեսփոխաններ:
Յունաստան կը հանդիսանայ Եւրոմիութեան անդամ երրորդ պետութիւնը՝ Զուիցերիայէն եւ Սլովաքիայէն ետք, որ կը քրէականացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը:

«Այլատեացութեան դէմ պայքար» անունը կրող օրինագիծը կը պահանջէ Յունաստանի տարածքին քրէական պատասխանատուութեան ենթարկել ոչ միայն հրեաներու, այլ նաեւ հայերու եւ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեանց ժխտումը:

Վեց կէտէ բաղկացած օրէնքի նախագիծը նիւթական տուգանք եւ բանտարկութիւն կը սահմանէ անոնց դէմ, որոնք դիտաւորեալ կերպով կը ստորացնեն, կը նուաստացնեն եւ կը ժխտեն միջազգային դատարաններու եւ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւններն ու մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները:

Մէկ շաբաթէ ի վեր Յունաստանի խորհրդարանը կը քննէր «Այլատեացութեան դէմ պայքար» օրինագիծի վերամշակուած տարբերակը, որուն մէջ աւելցուած էր Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը եւս պատժելու պայմանը։

www.armenpress.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին