Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

Թուրքիա «Հայ» Բառը Տգեղ Մեղադրանք Կը Համարէ

Թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի բարձրագոյն խորհուրդը արդարացուցած է նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հակահայ յայտարարութիւնը՝ «հայ» բառի օգտագործումը «տգեղ մեղադրանք» համարելով։

Թրքական «Կազեթեփորթ» լրատուական կայքին համաձայն՝ Թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի բարձրագոյն խորհուրդը քննած է նախընտրական շրջանին թրքական պատկերասփիւռի կայանէ մը հնչած Էրտողանի այն խօսքը, թէ՝ ինք շատ վիրաւորուած է, որովհետեւ զինք հայ անուանած են. խորհուրդը հասած է այն եզրակացութեան, որ այդ խօսքը խտրականութիւն չի սերմաներ եւ հայերը չի նուաստացներ՝ արդարացնելով «հայ» կոչուիլը «տգեղ մեղադրանք» նկատող Էրտողանի խօսքը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին