Աւստրիոյ արտաքին գործերու նախարար Սեբաստիան Կուրց իրեն ուղեկցող պատուիրակութեան հետ այցելեց Հայկական կարմիր խաչի ընկերութիւն, ուր ծանօթացաւ աւստրիական կառավարութեան կողմէն ֆինանսաւորուած «Աջակցութիւն սուրիահայերուն» ծրագրի արդիւնքներուն: «Armenpress»-ի
փոխանցմամբ` Աւստրիոյ ԱԳ նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկական Կարմիր խաչ ընկերութենէն ներս հիւրընկալուելու համար եւ նշեց, որ անիկա լաւ առիթ է տեղեկանալու իրենց կողմէն սուրիահայերուն տրուող օժանդակութեան ծրագրի ընթացքին: «Մենք քաջատեղեակ ենք, որ յատկապէս փախստականները բաւականին խոցելի իրավիճակի մէջ են, եւ ծրագիրը օգտակար է անոնց կեանքի որակը բարելաւելու համար: Ես ուրախ եմ յայտնելու ձեզի, որ մենք պիտի շարունակենք ծրագրին օժանդակել, եւս 600 հազար եւրոյ պիտի ներդնեն այս ծրագրին»,- ըսաւ Սեբաստիան Կուրցը:
Աւստրիական կառավարութիւնը 600 հազար եւրօ փոխանցած է Հայկական կարմիր խաչի ընկերութեան ու «Հայկական կարիտասին», որպէսզի վերջինները իրականացնեն «Աջակցութիւն սուրիահայերուն» ծրագիրը: Ծրագրի արդիւնքով 300 կարիքաւոր ընտանիք վեց ամիս շարունակ ստացած է մաքրութեան պարագաներ, ձմեռնային հագուստ, կօշիկ, անոնցմէ ոմանք օգտուած են առողջապահական եւ պիզնես աջակցութեան ծրագերէն: Եւս 100 ընտանիք վեց ամիս շարունակ ստացած է աջակցութիւն` բնակարաններ վարձակալելու նպատակով, ինչպէս նաեւ ստացած է տաք հագուստ, դեղորայք, սննդամթերք:
www.armenpress.am