Սեպտեմբեր 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց Սեւ գօտիներու հայկական ակադեմիայի նախագահ ու հիմնադիր, աշխարհի կունկֆու տայի նուի դաշնութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ, Մերձաւոր Արեւելիքի երկիրներու մէջ ԼՂՀ ներկայացուցիչ, լիբանանահայ Կարօ քեպապճեանը: Հանդիպման ներկայ էին Հայ սեւ գօտիներու միութեան (A.B.B.A.) համաշխարհային մասնաճիւղերու ղեկավարները, Սեւ գօտիներու հայկական ակադեմիայի հանրային կապերու պատասխանատու Աբրահամ Գասպարեանը եւ այլ հիւրեր:
Ողջունելով հիւրերը, սփիւռքի նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Անգնահատելի է Կարօ Քեպապճեանի ներդրումը Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, հայի ոգին բարձր պահելու, քաջարի, անկոտրում սերունդ կրթելու գործում: Քառասուն տարի շարունակ այս ակադեմիայի թիմը կարողացել է մրցանակներ շահել, յաղթել: Հայ սեւ գօտիների միութեան ակադեմիան հայեցի դաստիարակութեան, հայակերտման մեծ ճամբար է»:
Սեւ գօտիներու հայկական ակադեմիան ստեղծուած է 1974-ին եւ իր գործունէութիւնը ծաւալած է աշխարհի տարբեր երկիրներու սփիւռքեան համայնքներու մէջ՝ իր հովանիի տակ առնելով հարիւրաւոր հայորդիներ: Սեւ գօտիներու հայկական ակադեմիայի հանրային կապերու պատասխանատու Աբրահամ Գասպարեանը նշեց, որ ակադեմիան իր մասնաճիւղերը ունի Գանատայի, Լիբանանի, Կիպրոսի, Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Կը նախատեսուի Հայաստանի մէջ նաեւ գրասենեակ բանալ:
Օգոստոսին Հայ սեւ գօտիներու միութեան խումբը արժանացած է աշխարհի ախոյեան տիտղոսին, իր յաղթանակը նուիրած Հայկական Սեւ գօտիներու ակադեմիայի 40-ամեակին, որ Սեպտեմբեր 2-ին մեծ հանիսաւորութեամբ նշուեցաւ Շուշիի մէջ՝ Արցախի անկախութեան 23-ամեակի տօնակատարութիւններու ժամանակ: Հայկական Սեւ գօտիներու ակադեմիայի 40-ամեակի առիթով եւ հայապահպանութեան գործին մէջ անգնահատելի ներդրման համար ակադեմիայի ղեկավար Կարօ Քեպապճեան պարգեւատրուեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «ոսկէ» մետալով:
Կարօ Քեպապճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարձր պարգեւի համար եւ նշեց. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ ՀՀ նախագահին, որ կ’աջակցի մեզ դեռ պաշտպանութեան նախարար եղած ժամանակներէն: Ոչ ոք չի կրնար մեզի յաղթել: Մենք պէտք է ուժեղ ըլլանք, միասնաբար պիտի յաղթենք»: