Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

Հայաստանի Ծնողազուրկ Եւ Հաշմանդամ Երեխաներուն Ի Նպաստ Տարեկան Թելեթոն

*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*

Khachig Janoyan

Կիրակի, Սեպտեմբեր 21, 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3-էն մինչեւ գիշերուան ժամը 11-ը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ծնողազուրկ հաշմանդամ երեխաներու եւ անոնց մանկատուներուն վերանորոգութեան ի նպաստ մեծ անուն եւ վստահութիւն վայելող »Քաջ Նազար« հանդէսի եւ հեռուստածրագի 15-րդ տարեկան թելեթոն/հրապարակային դրամահաւաքին:

Սոյն թելեթոնը պիտի սփռուի հայկական քանի մը հեռուստալիքներէն: Սփռումը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելոսի Իրանահայ Միութեան ընդարձակ մայր սրահէն, հասցէն՝ 117  South Lousie, Glendale, CA 91205.

fac15

15 տարի առաջ, խումբ մը գիտակից եւ ջերմ հայրենասէրներ, գլխաւորութեամբ ազգային-հասարակական գործիչ, »Քաջ Նազար« հանդէսի 43 տարիներու խմբագիր-հրատարակիչ եւ »Քաջ Նազար« հեռուստաժամի հիմնադիր ու քսան տարիներու վարիչ՝ Յովհաննէս Բալայեանի, հիմը դրին »Հայաստանի ծնողազուրկ հաշմանդամ երեխաներու մանկատուներու վերանորոգութեան« սրբազան գործին:

Արդարեւ, բոլոր անոնք որոնք մօտէն ծանօթ են այս կազմակերպութեան, եւ մանաւանդ անոր նախագահ՝ Յովհաննէս Բալայեանի զոհողութեան եւ հայրենանուէր աշխատանքներուն, պարզապէս գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսք ունին անոնց:

Բնութեան եւ ճակատագրի կողմէ դժբախտացած այս մանուկներուն օգնելու եւ անոնց դէմքին վրայ ժպիտ, ուրախութիւն եւ յոյս դնելու
համար այս ֆոնդը 15 տարի շարունակ ձեռք երկարած է հայրենիքի մեր մինուճար մանուկներուն, արժանանալով Հայրենիքի եւ Սփիւռքի հայութեան ամենաջերմ գնահատանքին:

unnamed_(4)

Սեպտեմբեր 21-ի թելեթոնէն ելոյթ պիտի ունենան հոգեւոր-ազգային-հասարակական դէմքեր եւ իրենց սրտագին կոչերով սատար եւ նեցուկ պիտի կանգնին այս աշխատանքին: Իսկ մեր ժողովուրդը, ինչպէս անցեալին, մեծատունը իր գանձով, համեստ աշխատողը իր լումայով, բայց բոլորը սրտով ու հոգիով իրենց նպաստը պիտի բերեն հայրենանուէր այս պատուական գործին:

Պիտի ցուցադրուին բազմաթիւ ֆիլմեր, տեսաներիզներ եւ նկարներ, որպէսզի ժողովուրդը ականատես ըլլայ այս կազմակերպութեան հայրենասէր գործին: Մանկատուներու նորոգում, հաշմանդամներուն եւ ծնողազուրկ մանուկներուն տօնական օրերու նուէրներ եւ այլ տեսակի օգնութիւններ, որոնք միայն պատիւ կը բերեն նուիրատուներուն եւ այս կազմակերպութեան անդամներուն, գլխաւորութեամբ՝ Յովհաննէս Բալայեանի:

1378594_10151720309033165_2062474562_n

teleton_vanlen

Թելեթոնին իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը պիտի բերեն գաղութիս մեծանուն երգիչներ, ասմունքողներ եւ արուեստագէտներ, որոնք իրենց սրտաշարժ երգերով եւ արտասանութիւններով պիտի խանդավառեն եւ խորապէս պիտի յուզեն ներկաները:

Այս դրամահաւաքին մասնակելու համար կարելի է չէքերը գրել A.A.0.C. Fund անունին եւ ղրկել P.O.Box 250038, Glendale, CA 91225 հասցէին:

Բոլոր նուիրատւութիւնները տուրքէ զերծ են:

Նմանապէս կարելի հեռաձայնել (818) 246-0125, (818) 246-2070 կամ՝ (818) 239-6880 թիւերուն: Կարելի է E-Mail-ով ալ կապ պահել հետեւեալ հասցէով՝
forourkids99@gmail.com:

Սիրելի հայրենակիցներ, կոչ կ՛ընենք ձեզի, որ ձեր սրտին հետ նաեւ ձեր գրպանը լայն բանալով, մարդկային ամենէն ազնիւ գործը պիտի կատարէք կարիքաւոր հայ փոքրիկներուն հանգստաւէտ բնակարաններ տրամադրելու եւ անոնց ապագան կերտելու, անձանձրոյթ ձեր նիւթականը հասցնել: Նոյնպէս ձեր հարազատներուն, ազգականներուն եւ ընկերներուն կոչ ընել, որպէսզի իրենք ալ մասնակից դառնան մարդասիրական եւ աստուածահաճոյ այս սուրբ գործին:

Բոլորիդ վարձքը կատար ըլլայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին