Երկուշաբթի, 11. 12. 2023

spot_img

ՀՀ Նախագահը Ստեփանակերտի Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցած է Արցախի Անկախութեան Համար Զոհուած Հայորդիներու Յիշատակին

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 23-րդ տարեդարձին մասնակցելու նպատակով Հայաստանէն ժամանած պաշտօնական պատուիրակութեան, արցախահայութեան եւ արտերկրէն ժամանած հիւրերուն հետ Վերածնունդի հրապարակէն հանդիսաւոր քայլերթով այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:

Սերժ Սարգսեան յարգանքի տուրք մատուցած է Արցախի անկախութեան համար զոհուած հայորդիներու յիշատակին, ծաղիկներ դրած ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի եւ արցախեան ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին