*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2014-ին Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ԿԻՐԱԿՈՍ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հայ երգի եւ երաժշտութեան աննախընթաց փառատօն-հրավառութիւն մը, ինչպէս նաեւ ճաշկերոյթ-պարահանդէս մը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Լոս Անճելոսի մէջ 35 տարիներէ ի վեր գործող Իրաքահայերու Միութեան կողմէ:
Այդ օր, ներկաները հայ երգի շէն ու շէնշող մթնոլորտին մէջ, հայկական պարեղանակներու կշռոյթներու վրայ պարելով, անմոռանալի երեկոյ մը պիտի վայելեն:
Մուտքի նուէրն է միայն 40 տոլար, ներառեալ լման ընթրիք մը 15 տեսակ աղանդերներով:
Երեկոն պիտի խանդավառեն եօթը ծանօթ եւ շնորհաշատ երգիչներ: Անոնք իրենց գեղեցիկ եւ սրտաշարժ երգերով պիտի հմայեն հանդիսականները, պարգեւելով յիշատակելի օր մը, հայ երգի անմահական շունչն ու ոգին փոխանցելով:
Ձեռնարկի եօթը երգիչները՝ Արա Սահակեան, Արմէն Տագէսեան, Արման Մարտիկեան, Պետիկը, Վագօն, Կարէնը եւ Արշամը համով-հոտով պտուղներու շատ գեղեցիկ ու քաղցրահամ պտղասեղան մըն են: Ամէն մէկը իր համը, հոտը եւ քաղցրութիւնը ունի: Այս պատուական երգիչները իրենց ամբողջ կեանքը հայ երգին ու երաժշտութեան նուիրած են: Անոնք հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի »բալիկներն« են, հայ երգի նուիրեալներն են, որոնք արժանի են ամէն գնահատանքի:
Այդ օր, կենդանի նուագախումբի ընկերակցութեամբ ժողովուրդին շատ հաճելի երգեր պիտի հրամցուին: Տեղի պիտի ունենան հաճելի անակնկալներ: Ներկայ պիտի ըլլան պատուարժան հիւրեր, արուես-տագէտներ եւ մշակոյթի գործիչներ:
Իրաքահայերու Հայ Ընտանեկան Միութիւնը 35 տարիէ ի վեր կը գործէ այս գաղութին մէջ: Որպէս ազգային-հասարակական կազմակեր-պութիւն բազմաթիւ ու բազմատեսակ ծառայութիւններ մատուցած է մեր ժողովուրդին:
Այս միութիւնը մեծագոյն սիրով գործակցած է Սփիւռքի բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններուն հետ, Հայաստանեայց Առաքելական եւ հոգեւոր բոլոր հաստատութիւններուն, Հայրենիքի Սփիւռքի եւ Մշակոյթի նախարարութեանց հետ, Հայաստան Համահայկական Միութեան եւ հայրենի ծնողազուրկ երեխաներուն եւ որբանոցներուն օգնութեան հասնելով:
Ունեցած ենք մեր Շաբաթօրեայ վարժարանը, կազմակերպած ենք բազմաթիւ մշակութային ձեռնարկներ, յոբելինական եւ տարեդարձի հանդիսութիւններ, հովանաւորած ենք պարախումբեր, հրատարակած ենք գիրքեր: Վերջին տասը տարիներուն Իրաքահայերու Միութիւնը Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ միակ կազմակերպութիւնն էր, որ 135 հայեր Հայաստան տեղափոխեց եւ անոնց ապրուստն եւ օրապահիկը ապահովեց լման մէկ տարի: Այս խումբին հետեւեցան ուրիշ իրաքահայեր որոնք իրենց ծախսերով Հայաստան հաստատուեցան եւ այսօր 800-է աւելի իրաքահայեր վերջնականապէս փրկուած, ապահով œ անկաշկանդ իրենց փայլուն ապագան կը կերտեն հայրենի հողին վրայ, հայրենի ժողովուրդին հետ:
Վերջին տարիներուն, Իրաքահայերու Միութիւնը Հայաստան ապրող կարիքաւոր ընտանիքներուն օգնած է եւ ուսանողներուն կրթաթոշակ տրամադրած:
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2014-ին կարկանդակի հատումով պիտի նշենք միութեան 35-ամեակը: Պիտի ունենանք արժէքաւոր նուէրներու վիճակահանութիւն մը:
Ձեռնարկը կը հովանաւորեն խումբ մը ազգայիններ, որոնք իրենց ներկայութեամբ պիտի պատուեն այս ձեռնարկը:
Ջերմօրէն կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը ներկայ ըլլալու այս հրավառութեան, անմիջապէս ապահովելով իրենց տոմսերը, հեռաձայնելով ծանուցումին մէջ երեւցող թիւերուն։