Սեպտեմբեր 2-ին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան` Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող Բրետլի Պուզետտոյի, Եզտիներու ազգային միութեան նախագահ Ազիզ Թամոյեանի, Հայաստանի եզտիներու հոգեւոր առաջնորդ շէյխ Պրօ Հասանեանի ներկայութեամբ, ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի (ՄԱԿԳՀ) հայաստանեան ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիերուիթին յանձնեց ՄԱԿ-ի ՄԱԿԳՀ-ի ժնեւեան կեդրոնակայեանի հաշուեհամարին ՀՀ կառավարութեան կողմէն Իրաքի մէջ ծայրահեղականներու գործողութիւններու հետեւանքով տուժած եւ իրենց բնակավայրերէն տեղահանուած եզտիներուն օգնութիւն տրամադրելու նպատակով 100000 ԱՄՆ տոլարի փոխանցման մասին յայտագիրը։ Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ԱԳՆ-ի մամլոյ ծառայութիւնը։
Այդ ընթացքին, արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալպանտեան ըսաւ. “Վերջին շաբաթների ընթացքում աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնում են Իրաքում ծայրահեղականների կողմից կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւնների դէմ իրականացուող զանգուածային ոճրագործութիւնները։ Բռնութիւնների հետեւանքով բնակութեան մշտական վայրերից տեղահանուել են հազարաւոր խաղաղ բնակիչներ` եզտիներ, քրիստոնեաներ, մահմետականներ։ Բռնութիւնները բազմաթիւ զոհերի պատճառ են դարձել։
“Հանրապետութեան Նախագահի յանձնարարութեամբ` արտգործնախարարութիւնը համապատասխան քայլեր ձեռնարկած է. Հայաստանի ներկայացուցիչները միջազգային կազմակերպութիւններէն ներս բարձրաձայնած են խնդիրի հրատապութեան եւ միջազգային հանրութեան կողմէն անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութեան մասին։
“Հայաստանը համահեղինակած է ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդէն ներս Սեպտեմբեր 1-ին ընդունուած համապատասխան բանաձեւը։
“Հայաստանի ժողովուրդը եւ իշխանութիւնները կը կիսեն եզտի համաքաղաքացիներու անհանգստութիւնը եւ վրդովումը` տեղի ունեցող ողբերգական զարգացումներու կապակցութեամբ։
“Ինչպէս տեղեակ էք, Հայաստանի կառավարութիւնը որոշում կայացուցած է` Իրաքի մէջ տեղահանուած եզտիներուն 100000 ԱՄՆ տոլարի չափով օժանդակութիւն ցուցաբերելու մասին, եւ այսօր ՄԱԿ-ի փախստականներու գրասենեակի Հայաստանի ներկայացուցչին կը յանձնենք վերոյիշեալ գումարի փոխանցման մասին յայտագիրը։”
Եզտիներու ազգային միութեան նախագահ Ազիզ Թամոյեան երախտագիտութիւն յայտնեց Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին` եզտիներու մտահոգութիւնները կիսելու, խնդիրը միջազգային ատեաններու մէջ բարձրացնելու եւ ծանր պահին եզտի ժողովրդի կողքին կանգնելու եւ օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար։
Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող Պրետլի Պուզետտոն իր խօսքի մէջ ողջունած է Հայաստանի մարդասիրական քայլը եւ համերաշխութիւնը` ցեղասպանութեան սպառնալիքի առջեւ յայտնուած Իրաքի փոքրամասնութիւններուն հետ։ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգողի խօսքերով, Հայաստանի մասնակցութիւնը ՄԱԿ-ի մարդասիրական գործունէութեան ի ցոյց կը դնէ Հայաստանի կարեւոր դերակատարութիւնը` իբրեւ միջազգային մարդասիրական հանրութեան անդամ։ Ան վստահեցուց, որ ՄԱԿ-ը կ’ընէ հնարաւորը` Իրաքի մէջ բռնութիւններէն տուժածներու հոգը թեթեւցնելու եւ անոնց օժանդակելու համար։
ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիերուիթը բարձր գնահատեց Իրաքի եզտիներուն օժանդակելու Հայաստանի որոշումը, զայն համարելով կարեւոր ներդրում` տեղահանուածներուն օգնելու գործին։