Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Յատուկ Հայաստանաբնակ Սուրիահայերու Համար

Հայաստանաբնակ սուրիահայերուն կը տրամադրուի անվճար բժշկական ժօգնութիւն՝ ներառեալ հետազօտութիւնները, գործողութիւններն ու բուժումը, իսկ անոր համար անհրաժեշտ է ունենալ փաստացի գրանցում, զոր կը տրամադրէ ՀՀ ոստիկանութեան անձնագրերու եւ վիզաների վարչութեան  (ՕՎԻՐ) տարածքային գրասենեակը:

Պետական պատուէրի ծիրէն ներս հիւանդանոցային անվճար բժշկական օգնութիւն ստանալու համար անհրաժեշտ է դիմել ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն:

Դիմելու ընթացքին ներկայացնել տեղեկանք, ուր նշուած պիտի ըլլայ հիւանդութիւնը, անհրաժեշտ հետազօտութեան, բուժման կամ վիրահատութեան տեսակը: Բժշկական տեղեկանքի վրայ պէտք է առկայ ըլլայ բժիշկի ստորագրութիւնը եւ բժշկական հաստատութեան կնիքը:

Անհրաժեշտութեան պարագային կրնաք դիմել նաեւ «Առաքելութիւն Հայաստան» բարեգործական կազմակերպութիւն, Հայկական կարմիր խաչի ընկերութիւն, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն՝ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի միջոցով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին