Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Է. Նալպանտեան Էրտողանին Յանձնած է ՀՀ Նախագահի` Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Նուիրուած Ոգեկոչման Արարողութեան Պաշտօնական Հրաւէրը

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Անգարայի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Թուրքոյ նորընտիր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի պաշտօնի ստանձնման արարողութեան: Այս մասին օրին տեղեկացուցած էր ՀՀ ԱԳ նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը:

Չանգայայի նախագահական պալատին մէջ կայացած Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտուլահ Կիւլէն Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին իշխանութեան փոխանցման արարողութեան մասնակցած են քանի մը տասնեակ երկիրներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ:

Արարողութենէն յետոյ պատուիրակութիւններու ղեկավարներու պատուին տրուած ընդունելութեան ընթացքին՝ նախարար Նալպանտեան կարճատեւ զրոյց ունեցած է նախագահ Էրտողանի հետ, որուն յանձնած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնական հրաւէրը` 2015թ. Ապրիլ 24-ին ներկայ գտնուելու Երեւանի մէջ կայանալիք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին