Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Տաւուտօղլուի Աշխատանքային Ծրագիրին Մէջ Ընդգրկուած Է Նաեւ Հայկական Հարցը

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմէտ Տաւուտօղլու ներկայացուց ինը կէտերէ բաղկացած իր աշխատանքային ծրագիրը: Ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են կուսակցութեան յառաջիկայի իրագործումները՝ քրտական հարցի կարգաւորումը, Կիւլենի շարժումին դէմ պայքարը, արդարադատութեան համակարգի մէջ բարեկարգութիւններ, տնտեսական բարեփոխութիւններ եւ արտաքին քաղաքականութիւնը:

Արտաքին քաղաքականութեան մէջ ներառնուած են Հայկական հարցը եւ Կիպրոսի տագնապը: « 2001 թուականէն, երբ կ’ըսենք արտաքին քաղաքականութին՝ կը հասկնանք արտաքին յարաբերութիւններ: Թուրքիոյ ամբողջ արտաքին քաղաքական օրակարգը կազմուած է Հայկական Հարցէն եւ Կիպրոսի տագնապէն: Երբեք չենք հրաժարիր մեր հիմնական սկզբունքներէն».ըսաւ Թուրքիոյ նոր վարչապետը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին