Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

«Թող ոչ ոքի մահըս չըտայ տխրութիւն…»

*ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ*
Aram Sepetjian(1)
Վշտակիր Տիկին Ռոզին Պապայեան եւ թանկագին զաւակունք եւ թոռներ Պապայեան ընտանիքի,
Լոս Անճելըս, Գալիֆ.
Թանկագին հարազատներ,
Որքա՜ն ճիշդ կը հնչեն Թէքէեան բանաստեղծին ԿՏԱԿ քերթուածին   առաջին  երկտողեակին մէջ արձանագրուած բառերը.
       «Թող ոչ ոքի մահըս չըտայ տխրութիւն,
         Ուրախութիւն թող ան ըլլայ ամէնուն»…:
Ձեր մեծանուն հայրը, որ լիուլի  ըմպած էր մեծ եղեռնի ու տարագրութեան տարիներու Դառնութեան բաժակէն, եւ նոյնքան մեծ սիրով եւ արդար հպարտութեամբ ծառայած էր  իբրեւ  հայ լեզուի ու պատմութեան Ուսուցիչ ու դաստիարակ,  բազմատասնեակ տարիներու ամբողջանուէր տնօրէն եւ մշակութային գործիչ, իր 101-ամեայ կեանքի օրինակով ծունկի բերաւ Դարը եւ անոր պարտադրած ճակատագիրը, եւ իբրեւ յաղթական դաստիարակի ու սերմնացանի դափնեպսակի արժանաւոր հայորդի, ահաւասիկ կը մեկնի այս աշխարհէն, յորդորելով իր բարեկամներուն… որ իր մահը «ոչ ոքի չտայ տխրութիւն»:
Մենք, երբեմնի  իր գաղափարակից-գործակիցներս, յարգանքով կը խոնարհինք   իր մատուցած անգնահատելի ծառայութիւններուն ընդառաջ, որքա՝ն հայ դպրոցին, նոյնքան եւ մեր ազգակերտումի մեծ գործին:
Մեծ էր ան՝ երբ հողեղէն էր , այժմ՝ ՝ իբրեւ ոգեղէն իմաստ եւ արժէք, ան  կը շարունակէ իր յաւերժաերթը մեր կեանքէն ներս՝ իբրեւ Մեծութիւն:
Տառապանքները իր կեանքին՝  կոչուեցան  ազնուացնելու մարդկային հոգին երջանկայիշատակ հանգուցեալին, իսկ իր անսպառ Աշխատանքը, Սէրը, Նուիրումն ու Ծառայութիւնը իրեն  պարգեւեցին այնպիսի  արդար հպարտութիւն մը, որուն յիշատակը ,- յետ մահու,- « իր գլխուն շուրջ կ՝ըլլայ պսակ մը պայծառ..:» ու Ձեզի՝ «Մխիթարանք մը անհուն»(Վ.Թ.):
Յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն իր անմեռ հոգիին:
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին