Ուրբաթ, 04. 10. 2024

spot_img

Արցախ Այցելած Ռուսերը՝ Ատրպէյճանի «Սեւ Ցանկ»Ին Վրայ

Այս օրերուն ճանաչողական այցելութեամբ Արցախ կը գտնուին խումբ մը ռուս լրագրողներ եւ փորձագէտներ: Սակայն անոնց Արցախէն հեռանալէն ետք բացայայտուեցաւ, որ ռուս հիւրերը ներառուած են Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան «սեւ ցանկ»ին վրայ։ Խումբին անդամները այս մասին գրած են Դիմատետրի իրենց էջին վրայ։

Լրագրող Անասթասիա Քարիմովան գրած է. «Կ՛արժէր Լեռնային Ղարաբաղ այցելել, թէկուզ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան «սեւ ցանկ»ին վրայ յայտնուելու գնով: Մինչ այդ, ես չէի կրնար ենթադրել, որ ԱՊՀ տարածքին, յատկապէս Կովկասի մէջ, այդ ալ՝ չճանչցուած հանրապետութեան մէջ կարելի է նմանատիպ որակեալ ենթակառուցուածքներ… այդպիսի քաղաքական մրցակցութեան բարձր մակարդակ եւ պետական կառավարման թափանցիկութիւն… Ղարաբաղեան պարագան ինծի համար աւելի հետաքրքրական կը թուի, քան այդքան ծանուցուած «Վրացական հրաշքը»:

Ատրպէյճանական «սեւ ցանկ»ին վրայ յայտնուած են նաեւ լրագրողներ Ալեքսանտր Շմելեւ, Տմիթրի Պաւիրին, Մարինա Սքորիքովա եւ Սվեթլանա Շմելեւա:

www.armenpress.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին