Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

«Ղարաբաղի Համար Լաւագոյն Խաղաղապահները Երկրի Զինուած Ուժերն Են». Մովսէս Յակոբեան

«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան համար լաւագոյն խաղաղապահները հենց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինուած ուժերն են», յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանության բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեանը՝ պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ ի՛նչ կը մտածէ Ղարաբաղի տարածքին մէջ խաղաղապահներ տեղակայելու մասին։ «Այս տարածաշրջանում մեզանից լաւ խաղաղապահ չկայ», նշած է նախարարը:

Անդրադառնալով Ռուսիոյ կողմէ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու երեւոյթին՝ Յակոբեան յայտնած է. «Այն, որ Ադրբեջանը զէնք է գնում, շատ վատ է, սակայն դա մեզ չի վախեցնում»: Ըստ անոր՝ վերջին հետախուզական–ներթափանցման գործողութիւններուն ընթացքին ատրպէյճանցի զինուորները հայկական կողմին նուէր ձգած էին քանի մը տեսակի զէնք, զոր Լեռնային Ղարաբաղի բանակը չունէր: «Լաւ սպառազինութիւնը կարեւոր է, սակայն որոշիչ չէ: Բանակում օպերատիվութեան արուեստ գոյութիւն ունի, կարեւոր է կարողանալ հմտօրէն գործածել ունեցած զէնքը»:

www.news.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին