Սասունի Մարութա (Մարաթուկ) լերան գագաթին գտնուող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կը նորոգուի, անոր համար Սթամպուլէն յատուկ մասնագէտներու գացած է Սասուն: Այս մասին կը յայտնէ News.am-ը վկայակոչելով թրքական Haberkita կայքը։
Սասունի հայերու միութեան ջանքերով սկսած են Սասունի Մարութա սարի գագաթին գտնուող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները, որոնք սկզբնական փուլին կը ներառեն քանդակային աշխատանքները, իսկ մէկ ամիս անց կը նախատեսուի անցնել բուն վերանորոգման:
Սասնոյ հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը նշած է, թէ աշխատանքները կ’իրականացուին ժամանակակից արհեստագիտութէամբ, իսկ եկեղեցւոյ ամբողջական վերականգնման աշխատանքները կրնան աւարտիլ 2015ի Յուլիսին: